§Մահուամբ զմահ կոխեաց եւ
Յարութեամբն իւրոյ մեզ զկեանս պարգեւեաց¦
Սիրեցեալ հաւատացեալ ժողովուրդ մեր,
Յարութեան
հրաշափառ
եւ
աստուածապարգեւ
այս
պայծառ
առաւօտին,
մեր
եկեղեցիներու
սրբազան
զանգերը,
երկնային
ցնծութեան
ձայնակցելով,
դարձեալ
կը
հնչեցնեն
կեանքի
յաղթանակը
մահուան
վրայ
եւ
կը
հռչակեն
մեր
Տիրոջ՝
Յիսուս
Քրիստոսի փառաւոր եւ կենարար Սուրբ Յարութիւնը։
Եօթը
շաբաթներու
ընթացքին,
հոգեւոր
զօրաշարժի
մէջ
մտնելով,
աղօթքով,
ապաշխարութեամբ,
ծոմապահութեամբ
եւ
ողորմութեան
գործերով
պատրաստուեցանք
դիմաւորելու
այս
գերազանցագոյն
խորհուրդը։
Այժմ,
լեցուած
յարութեան
անճառելի
լոյսով,
զիրար
կ՚ողջունենք
սրբազան
եւ
յաղթական
աւետիսով՝
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ։
Առաքելական
վկայութիւնը
անխախտ
կը
հռչակէ,
թէ
մեր
Տէրը՝
Յիսուս
Քրիստոս,
§մեր
մեղքերուն
համար
մեռաւ,
թաղուեցաւ
եւ
երրորդ
օրը
յարութիւն
առաւ¦։
Ան,
յարուցեալ
փառքով
երեւցաւ
Իր
աշակերտներուն
եւ
բազմաթիւ
հաւատացեալներու՝
հաստատելով
այն
փրկարար
ճշմարտութիւնը, որ կը մնայ բոլոր դարերուն հիմքը եւ յոյսը։
Սուրբ
Յարութեան
խորհուրդը
մեզ
կը
կանգնեցնէ
աստուածաբանական
խորին
ճշմարտութեան
առջեւ.
կեանքը
Աստուծոյ
շնորհքն
է,
ոչ
թէ
մարդու
սեփականութիւնը։
Մենք՝
որպէս
անցաւոր
եւ
սահմանափակ
արարածներ,
կը
մասնակցինք
Կեանքի
Անսպառ
Ովկիանոսէն
միայն
մէկ
կաթիլով։
Սակայն
Աստուած՝
Կեանքի
եւ
գոյութեան
աղբիւրը,
Իր
ամենակարող
կամքով
ի
վիճակի
է
վերակենդանացնելու
այն,
ինչ
որ
մարդկային
սահմանափակ
միտքը
կը
համարէ
անյաղթահարելի։
Մահը,
որ
իր
ազդեցութեամբ
կը
ծաւալի
տիեզերական
չափերով,
չի
կրնար
ըլլալ
վերջնական
իշխանութիւն,
քանզի
վերջին
խօսքը
կը
պատկանի
Արարչին։
Մարդկային
ուժը
անկարող
է
դիմակայելու
մահուան
անխուսափելիութիւնը,
սակայն
Աստուածային
միջամտութիւնը
կը
կոտրէ
անոր
կապանքները
եւ
կը
բանայ
յաւիտենական կեանքի դռները։
Այսպէս,
Յարութիւնը
մեզ
կը
հրաւիրէ
դէպի
հաւատք՝
ոչ
իբրեւ
կոյր
ենթարկում,
այլ
որպէս
գիտակից
եւ
ազատ
ընտրութիւն՝
հիմնուած
աստուածային
յայտնութեան
եւ
փորձառու
ճշմարտութեան
վրայ։
Տէր
Յիսուս
Քրիստոսի
յաւիտենական
հարցումը
նախ
ուղղուած
Մարիամին՝
քոյրը
չորսօրեայ
մեռեալ
Ղազարոսին,
կը
հնչէ
նաեւ
այսօր
մեր հոգիներուն մէջ. §Ես եմ յարութիւն եւ կեանք… կը հաւատա՞ս ասոր¦։
Սիրելիներ,
Այս
հարցումը
կը
պահանջէ
պատասխան
ոչ
միայն
շրթներով,
այլ
ամբողջ
էութեամբ։
Քրիստոսի
դատարկ
գերեզմանը
կանգնած
է
մարդկութեան
առջեւ
որպէս
յաւիտենական
երկընտրանք՝
հաւատք
կամ
մերժում,
կեանք
կամ
կորուստ։
Ընդունիլ
Յարութեան
բարի
լուրը
կը
նշանակէ
մուտք
գործել
նոր
կեանքի
մէջ,
իսկ
մերժել
զայն՝
մնալ մահուան ստուերներուն մէջ։
Սակայն
Յարութիւնը
միայն
պատմական
իրադարձութիւն
մը
չէ.
ան
մշտնջենաւոր
ներկայութիւն
է։
Յարուցեալ
Փրկիչը,
Իր
անխախտ
խոստումով,
կը
մնայ
մեզի
հետ՝
բոլոր
օրերը։
Ան
կենդանի
է
մեր
մէջ,
մեր
շուրջ
եւ
մեր
կեանքերուն մէջ՝ վերակենդանացնող, լուսաւորող եւ փրկարար զօրութիւնով։
Ինչպէս
գարունը
կը
վերազարթնեցնէ
երկիրը
եւ
կը
ծաղկեցնէ
բնութիւնը,
նոյնպէս
Քրիստոսի
յարութեան
զօրութիւնը
կը
նորոգէ
մարդկային
հոգին,
կը
վերականգնէ
յոյսը
եւ
կը
վերածնէ
սիրոյ
եւ
խաղաղութեան
պտուղները։
Այս
սրբազան
եւ
փառահեղ
տօնի
լոյսին
տակ,
չենք
կրնար
չանդրադառնալ
մեր
ժամանակներու
տագնապներուն
եւ
պատերազմներուն,
մանաւանդ
Մերձաւոր
Արեւելքի
մէջ
շարունակուող
բախումներուն,
ներառեալ
Պարսկաստանի
շրջանին
մէջ
ընթացող
անհանգստացնող
զարգացումները,
որոնք
տառապանք
եւ
կորուստ
կը
պատճառեն բազմաթիւ անմեղ մարդկային կեանքերու։
Այս
առիթով,
հայրական
սրտով
կը
բարձրացնենք
մեր
աղօթքը
առ
Ամենակալ
Աստուած,
որպէսզի
խաղաղութեան
հոգին
սփռէ
հակամարտող
ժողովուրդներուն
մէջ,
հանգստացնէ
բռնութեան
ալիքները
եւ
առաջնորդէ
առաջնորդները
դէպի
արդարութիւն,
հաշտութիւն
եւ
համերաշխութիւն։
Թող
Տէրը
մխիթարէ
բոլոր
տառապողներն ու սուգ կրողները, եւ Իր ողորմութեամբ պահէ վտանգի մէջ գտնուող բոլոր զաւակները։
Այս
սրբազան
եւ
փառահեղ
առիթով,
հայրական
հոգատարութեամբ
կը
կոչենք
ձեզ՝
ամրապնդելու
ձեր
հաւատքը,
վերակենդանացնելու
ձեր
յոյսը
եւ
աւելի
խորապէս
ապրելու
աստուածային
սիրոյ
մէջ,
որպէսզի
արժանի ըլլանք մասնակցելու արդարներու փառաւոր յարութեան։
Թող
Յարուցեալ
Քրիստոսի
կենարար
լոյսը
լուսաւորէ
ձեր
սրտերը,
օրհնէ
ձեր
ընտանիքները
եւ
խաղաղութիւն
ու
զօրութիւն պարգեւէ մեր համայնքին եւ համայն աշխարհին։
Վերջապէս, թող մեր շրթներուն վրայ մշտապէս հնչէ յաղթական եւ փրկարար աւետիսը՝
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ:
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:
*
Սուրբ
Յարութեան
կենսանորոգ
տօնին
առիթով
կ'ողջունենք
Առաքելական
Մայր
Եկեղեցւոյ
բոլոր
զաւակներն
անխտիր։
Քրիստոսաւանդ
ջերմագին
սիրով
կ'ողջունենք
նաեւ
մեր
Հոգեւորական
Դասու
անդամները,
Սրբազան
Եպիսկոպոսներն
ու
Միաբան
Հայրերը,
Քահանայից,
Սարկաւագաց
եւ
Դպրաց
Դասերը,
Գալֆայեան
Ուխտի
Քոյրերը,
Պատրիարքական
Աթոռի
Տնտեսական
Խորհուրդի,
Ընկերային
Օժանդակութեան
Յանձնախումբի
եւ
իրեն
ենթայանձնախումբերու,
Տիկնանց
եւ
Հայ
Մենթի-Մենթոր
Յանձնախումբերու
անդամները,
Սուրբ
Փրկիչ
Ազգային
Հիւանդանոցի
Հոգաբարձութիւնը,
Բժշկապետութիւնը,
Բժշկաց
Դասն
ու
Բոյժ
քոյրերը,
Համայնքային
Հաստատութեանց
Խնամակալութիւնները,
Թաղային
Խորհուրդները,
Տիկնանց
Յանձնախումբերը,
մեր
համայնքային
վարժարաններու
Հիմնադրի
ներկայացուցիչներն
ու
Տնօրէնները,
Հոգաբարձութիւնները,
Ուսուցչաց
Դասը,
Աղքատախնամ
Մարմինները,
Սանուց
Միութիւնները,
Մարմնամարզական
եւ
Հայրենակցական
Միութիւնները
եւ
բոլոր
մարդասիրական
ու
մշակութային
մարմինները,
Հայ
Մամլոյ
Խմբագիրները
եւ
ողջ
Անձնակազմը,
Պատրիարքական
Աթոռոյս
ինչպէս
նաեւ
բարեսիրական
եւ
կրթական
հաստատութեանց
սատարող
ազնիւ
բարերարները,
համայն
հաւատացեալ
եւ
սիրեցեալ
մեր
ժողովուրդը՝
մաղթելով
բոլորին
Սուրբ
Յարութեան
տօնակատարութիւն,
ինչպէս
նաեւ
եկեղեցաշէն,
կրթանուէր
եւ
բարեսէր
գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։
Յատուկ
օրհնութեամբ
կ'ողջունենք
եւ
կը
շնորհաւորենք
Գաւառի
Հայոց
Տեսուչը
եւ
գաւառի
մէջ
բնակող
մերազն
ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ Կրետէի Հայ համայնքի անդամները։
Ս.
Յարութեան
Տօնին
առիթով
կը
շարունակենք
աղօթել
վասն
բարօրութեան
եւ
անսասանութեան
Մայր
Աթոռ
Ս.
Էջմիածնի։
Մեր
որդիական
ակնածանքը
կը
յղենք
Նորին
Սրբութիւն
Տ.
Տ.
Գարեգին
Բ
Ամենայն
Հայոց
Կաթողիկոսին։
Կը
հայցենք
Նորին
Սրբութեան
եւ
Մայր
Աթոռի
ողջ
միաբանութեան
աղօթքները
վասն
պայծառութեան Աթոռոյս։
Ի
Քրիստոս
սիրով
կը
շնորհաւորենք
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Նորին
Սրբութիւն
Տ.
Տ.
Արամ
Ա
Կաթողիկոսը
եւ
Երուսաղէմի
Նորին
Ամենապատուութիւն
Տ.
Նուրհան
Պատրիարքը,
հանդերձ
իրենց
միաբանակից
վանական
հայրերով,
նաեւ
Հայ
Առաքելական
Եկեղեցւոյ
բոլոր
առաքելագործ
վիճակաւորները,
հանդերձ
իրենց
հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։
Մեր
հայրական
սրտագին
սէրն
ու
ողջոյնները
կ՚առաքենք
սփիւռքի
մէջ
գործող
Ս.
Խաչ
Դպրեվանք,
Կեդրոնական,
Էսաեան
ու
Մխիթարեան
Վարժարաններու
Սանուց
Միութեանց
Վարչութիւններուն,
Պոլսահայ
Միութիւններուն
ու
մերազն
ժողովուրդի
զաւակներուն,
որոնք
նեղ
պայմաններու
մէջ
կը
շարունակեն
տէր
կանգնիլ իրենց աւանդութիւններուն։
Այս
առթիւ
ի
Քրիստոս
սիրով
ողջունելով,
Ս.
Յարութեան
Տաղաւարի
մեր
շնորհաւորութիւնները
կը
յղենք
նաեւ
բոլոր
քոյր
Քրիստոնեայ
եկեղեցիներու
առաջնորդներուն,
հովիւներուն
եւ
հաւատացեալներուն,
գլխաւորաբար
Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։
Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ:
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:
Հայրական սիրոյ ողջունիւ եւ աղօթիւք ի Քրիստոս
ՍԱՀԱԿ Բ.
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
30 Մարտ 2026
16027