ԱՆԿԱՐԵԼԻ ՆԱՄԱԿ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻՆԵՐՈՒՆ

Յուշատետր - 21


Ռ. Հատտէճեանի գրիչէն շատ յուզիչ ու կարեւոր շարքով մը կը բացուի «Յուշատետր» շարքէն 21րդ հատորը,  որ կ’ընդգրկէ մահացած սիրելիներու ղրկուած անկարելի նամակներ։ Շատ կարեւոր են այն անկարելի նամակները,  զորս հեղինակը կը գրէ Յակոբ Մնձուրիին,  իր լուսահոգի հօրը,  իր լուսահոգի դասընկեր,  գրագէտ Գեղամ Սեւանին կամ կը պատմէ իր յուշերը Յակոբ Մարթաեանէն։

Հատորին մէջ տեղ գտած յօդուածները հրատարակուած էին 1990-1991 թուականներուն։