ԱՌԱԳԱՍՏ ԴԷՊԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ

Յուշատետր - 47



Հեղինակը գրադարանէն վար կը քաշէ ինը հայ բանաստեղծներ եւ կը մտնէ անոնց մտերմութեան մէջ։ Պատահաբար ընտրուած բանաստեղծներ են անոնք, որոնք անպայման գեղեցիկ խօսք ու զգայնութիւն ունին մեզի փոխանցելու։ Հեղինակը կը մտերմանայ այդ գեղեցիկ տողերուն հետ եւ զանոնք կը մեկնաբանէ իւրայատուկ ոճով, ընթերցողն ալ հաղորդ դարձնելով Դանիէլ Վարուժանի,  Իգնա Սարըասլանի,  Սիլվա Կապուտիկեանի, Սիպիլի, Պարոյր Սեւակի, Սիամանթոյի, Մեծարենցի, Ռուբէն Սեւակի եւ Արտաշէս Յարութիւնեանի հետ։