ԱՐԱՍՏԱՂԸ
Ռ. Հատտէճեանի առաջին վէպն է, նաեւ մէկը իր գլուխ գործոցներէն։ Արժանացած է Ալեք Մանուկեան գրական Մրցանակի առաջնութեան։
«Առաստաղ»ը պատմութիւնն է գաւառէն մեծ քաղաք եկած մարդու մը, որ օր մը փողոցը անկում մը ունեցաւ ու այնուհետեւ դատապարտուեցաւ հիւանդանոցի մը մէջ պառկելու, անդարմանելիօրէն կաթուածահար։ Ան այնուհետեւ հիւանդանոցի առաստաղին վրայ պիտի վերապրէր իր ամբողջ կեանքը, անցեալով, ներկայով ու ապագայով։ Մարմնական անշարժութիւնը պիտի հաւասարակշռուէր մտածումի եռանդուն շարժումով մը։ Որպէս իմաստուն եւ իր արմատներուն հաւատարիմ մարդ, ան իր պառկած տեղէն պիտի դառնար լաւատեսութեան, սիրոյ, մարդասիրութեան եւ ընտանեկան միասնութեան փարոս մը։ Անտրտունջ, խրոխտ, մարդկային բարձր արժանապատուութեամբ, ան պիտի ընդունէր ապրելու դատապարտութիւնը եւ այդ դատապարտութեամբ՝ պիտի ապրեցնէր նաեւ յիշատակը իր պապերուն, որոնք մնացած էին գաւառը, հեռաւոր գերեզմաններու մէջ, եւ որոնք սակայն կը շարունակէին ապրիլ ու խօսիլ հիւանդանոցի առաստաղին վրայ լուսարձակուած պատկերներու ընդմէջէն։ Ան մէ՛կ մխիթարութիւն ունէր միայն. իր հարազատներուն ներկայութիւնը։ Իր աղջիկը, Սաթենիկ, հրաշալի այն էակն էր որ ամենօրեայ իր հոգածութեամբ կը դառնար ապրող կապ մը հիւանդանոցի սենեակին ու հեռուն մնացած ընտանեկան յարկին միջեւ։ Նաեւ թոռնիկը, Ռուբէն, որ մանկական հիանալի ներհայեցողութեամբ, հաւատարիմ կը մնար իր մեծ հօրը հետ բաժնուած ժամերու ու պտոյտներու եւ կը դառնար երկրորդ մխիթարութիւն մը, մեծ հայրիկին մտածումներուն մէջ ստեղծելով ընտանիքին հզօր ապագային պատկերը։