ԱՍԻԿԱ ԱՅԲ Է
Յուշատետր -
Հայոց գիրերու 1600ամեակին առիթով գրի առնուած այս հատորը կը խօսի հայոց տառերու խորհուրդի ու անոր մեր կեանքին վրայ ունեցած ազդեցութեան մասին։
Երախտագիտութեան տուրք մըն է, որ կը վճարուի վաղուց մոռցուած, մանկութեան յուշերու մէջ մշուշի վերածուած ու անհետացած այն ուսուցչին, որ եղաւ հայերէնի մեր առաջին ուսուցիչը։ Պատիւ մը նաեւ՝ Սուրբ Մեսրոպի, որուն յաւերժական աշակերտներն ենք՝ ուսուցիչ կամ աշակերտ։