ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ
Ռ. Հատտէճեան 1999ին «Մարմարա-ի Տեսանք-Լսեցինք» սիւնակին մէջ հրատարակեց այս շահեկան յօդուածաշարքը, որուն մէջ ան Պարոնեանը ետ կը բերէ անդենականէն եւ անոր պտոյտ մը ընել կուտայ Պոլսահայ համայնքի այսօրուան հաստատութիւններէն ներս։ Յօդուածաշարքը գրի առնուած է Պարոնեանի ճաշակը յիշեցնող սրամտութիւններով ու հեգնանքով եւ անկողմնակալ ակնարկ մը կ՚ուղղէ այսօրուան հաստատութիւններուն վրայ, ի վեր առնելով անոնց գովելի կամ քննադատելի կողմերը։ Այս գիրքով Ռ. Հատտէճեան կը պատասխանէ բոլոր անոնց, որոնք այսօր կը սիրեն հարց տալ.
Ո՞ւր ես, Պարոնեան։