ՊՏՈՅՏ ՄԸ ՀԱՅ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ


Ռ. Հատտէճեանի յաջողագոյն եւ ծայր աստիճան ինքնատիպ գիրքերէն մէկն է։ Ցարդ ո՛չ մէկը փորձած էր ընել այսպիսի պտոյտ մը, որու ընթացքին հեղինակը կը գուրգուրայ մեր բանաստեղծութեան պարտէզին ամենագեղեցիկ ծաղիկներուն վրայ եւ մեր անմահանուն բանաստեղծները իրարու հետ կը ժամադրէ զանազան թէմաներու շուրջ, անոնց մասին յայտնելով նաեւ իր մտածումները։ Մէկ շունչով գրուած այս երկարաշունչ գիրքին մէջ հայ մարդը պիտի անդրադառնայ թէ որքան գեղեցիկ է հայ բանաստեղծութիւնը եւ թէ հայ բանաստեղծութիւնը ինչպէս կրնայ մրցիլ միջազգային բանաստեղծութեան հետ։ Ռ. Հատտէճեան իր տրամադրութեան տակ դրուած բոլոր բանաստեղծութիւններէն մասնիկներ քով քովի կը բերէ համբերատար ընթերցումներէ վերջ ու անոնց ընդմէջէն իրարու կը միացնէ մեր բոլոր բանաստեղծները։ Հայ գրականութեան հսկայ կամ համեստ բանաստեղծները իրարու հետ կ՚եղբայրանան սա կամ նա թէմայի շուրջ։ Հեղինակը կ՚եզրակացնէ.

«Կ՚արժէր որ ամէն Կիրակի Ս. Պատարագի ընթացքին Պատարագիչ մը իր սովորական աղօթքին մէջ յիշէր նաեւ մեր գրականութիւնը եւ ըսէր.

Տէ՜ր, փրկէ՛ ազգս հայոց,

Եւ պահէ ու պահպանէ պարտէզը ազգիս բանաստեղծութեան»։

Այս գիրքն ալ դպրոցներու մէջ գործածուեցաւ որպէս դասագիրք եւ ներկայիս սպառած է։ Հեղինակը կը պատրաստուի երկրորդ տպագրութեան արժանացնել զայն։