ԾՈՎԸ ԱՄԲՈՂՋՈՒԿԵԱՄԲ ՃԱՄԲԱՅ Է
Ծովն է որ իր անունը փոխ կուտայ այս գիրքին։ Հեղինակը սապէս կը ներկայացնէ այս գիրքը.
«Բայց իրական ծովը համակ եւ անսահման ճամբայ է իր իւրաքանչիւր սանթիմեթր քառակուսիով։ Ճամբայ մը, որ ո՛չ կը մաշի կառքի մը անիւներուն տակ, ոչ ալ մայրուղիի մը կուպրին նման կը հալի արեւուն տակ։ Ճամբայ մը, որուն վրայ երբ կը նաւարկես, կը զգաս որ կենդանի էակ մըն է ան, ապրող տարրերէ բաղկացեալ մարմին մը, այնքան տարբեր՝ ցամաքային այն կպրուղիէն, որ չոր ու մեռեալ տարր է ոտքերուդ տակ։ Երբ կը նաւարկես ծովուն վրայ, կը զգաս որ ջուրը կը դիմադրէ քեզի, կը ճեղքուի քեզմով, յետոյ կրկին կը փակուի քու վրայ, երբեմն սիրոյ համբոյր կուտայ քեզի, մինչեւ իսկ կը շոյէ քեզ երբ քովէն կ՚անցնիս, երբեմն ալ ատելութեամբ կ՚ապտակէ քեզ, քեզ իր մէջ խեղդել կը ջանայ։ Եւ ծովը ճամբայ մըն է վերջապէս, որ կ՚երկարի կ՚երթայ ինք իրեն համար, առանց անպայման սպասելու այն ուղեւորին, որ պիտի անցնի իր վրայէն։ Աշխարհի հինգ հողամասերուն վրայ չկայ ցամաքային ճամբայ մը, մայրուղի մը, արահետ մը, փողոց մը, որուն վրայէն կամ մէջէն մարդ անցած չըլլայ։ Մինչդեռ ծովը ամբողջութեամբ ճամբայ մըն է, որուն մեծ մասին վրայէն, միլիոնաւոր տարիներէ ի վեր, ո՛չ մէկ մահկանացու անցած է ցարդ։
»Ծովը կ՚ապրի ինքն իրեն եւ միայն իրեն համար, բայց ճամբայ կուտայ մեզի։ Երբ կ՚անցնինք իր վրայէն, ո՛չ մէկ հետք կը թողունք անոր մակերեսին վրայ։ Հազիւ փրփուր մը, զոր ան արդէն շուտով պիտի անհետացնէ»։