ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱԾՆԵՐՈՒ ՆԵՐՇՆՉՈՒՄՈՎ
Ռ. Հատտէճեանի ամէնէն սիրուած ու փնտռուած, դպրոցներու մէջ որպէս դասագիրք գործածուած գործերէն մէկն է։
Այս գիրքը բաղկացնող յօդուածները առաջին անգամ հրատարակուած են «Մարմարա» Օրաթերթի «Յուշատետր» ամենօրեայ սիւնակին մէջ 31 Մայիս 1994-
Գիրքը, Պոլսոյ մէջ հրատարակուելէ առաջ, փոքր ինչ տարբերութիւններով, հրատարակուած է Անթիլիասի Կաթողիկոսութեան կողմէ, Երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի փափաքով։
Պոլսոյ մէջ հատորին առաջին տպագրութիւնը կատարուած է 1995ին։
Այնուհետեւ գիրքը տեղ գտած է նաեւ Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի փափաքով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ 1998ին հրատարակուած «Յուշատետր Հատընտիր» ստուար հատորին մէջ։
Ներկայ հատորը Պոլսոյ մէջ կատարուած Բ. տպագրութիւնն է։