ՀԱԶԱՐ ՏԱՐԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ՀԵՏ
Յnւշատետր -
Ռ. Հատտէճեան իր յարգանքի տուրքը կը վճարէ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի հազարամեակի յոբելենական տարւոյ։ Հեղինակը քսանըհինգ յօդուածներով բովանդակալից վերլուծումի կ՚ենթարկէ Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթագիրքը, ի վեր առնելով մասնաւորաբար աղօթագրքին բանաստեղծական զգլխիչ գեղեցկութիւնները։
Հեղինակը սապէս կը ներկայացնէ իր գործը.
«Զուր տեղ չէ որ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հազար տարիէ ի վեր կ՚ապրի իր ժողովուրդին սրտին ու գլխուն մէջ։ Աստուած իր որդւոյն Քրիստոսի բարեխօսութեան պէտք չունէր արդարութիւն ընելու համար իր այս խոնարհ ու «մեղաւոր» զաւկին, Նարեկացի Գրիգորին, որուն աղօթքներն ամէն գիշեր արդէն կը բարձրանային Նարեկայ վանքի ցուրտ պատուհաններէն դէպի երկինք։ Պիտի ըսենք որ այդ աղօթքները այսօր ալ կը բարձրանան ի գոհութիւն Աստուծոյ։ Կը բարձրանան հազարումէկ շրթներէ, աշխարհի այս անկիւններէն մինչեւ աշխարհի ամէնէն հեռաւոր ափերը, հոն ուր հայ մարդիկ ի վիճակի են Նարեկ մը ձեռք առնելու ու կարդալու, հայ մարդիկ՝ որոնք փոխ կ՚առնեն Նարեկացիին բառերն ու զգացումները եւ անոնցմով կը յայտնեն ո՛չ միայն իրենց զղջումներն ու աղաչանքները, այլ նաեւ կը փառաբանեն զԱստուած, որովհետեւ Նարեկացիին համար աղօթել՝ կը նշանակէր զԱստուած փառաբանել։
Յաւերժական լո՜յս եւ խունկ՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակին»։