ԶՐՈՅՑ ՀԻՆՑԱԾ ԳՐԻՉԻ ՄԸ ՀԵՏ
Յուշատետր -
Հեղինակը սապէս կը ներկայացնէ իր այս նոր գիրքը.
Այս գիրքը իր անունը փոխ կ’առնէ այս հատորին մէջ հրատարակուած յօդուածներէն մէկէն։ Զրոյց հինցած գրիչի մը հետ։ Զրոյց գրիչի մը հետ, որ տարիներ շարունակ գործածուեցաւ ստեղծագործական աշխատանքի համար եւ վերջը մէկդի դրուեցաւ, որովհետեւ հինցած էր եւ աւելի նորը կար։
Ռ. Հատտէճեան այստեղ ամբողջ իր սէրն ու խանդաղատանքը կ’արտայայտէ օտարածին այդ գրիչին նկատմամբ, որ եկաւ ու իր մատներուն մէջէն կարծես մկրտուեցաւ հայոց տառերով ու այնուհետեւ ծառայեց հայոց գիրին ու գրականութեան։
Հատորը այս կերպով կը դառնայ յուշարձան մը հինցած գրիչի մը համար։ Հինցած գրիչի մը հետ խօսելով, Ռ. Հատտէճեան մեզի կուտայ յուզիչ այն պատմութիւնը, որ բոլոր գրագէտներուն եւ բոլոր գրիչներուն պատմութիւնն է։