ՅԻՇԵԼՈՎ ՄԵՐ ՍԻՐԵՑԵԱԼ ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ



Ռ. Հատտէճեան, երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքին կենսագրութիւնը գրի առած էր շքեղ հատորով մը, որ հրատարակուած էր Պատրիարքարանի կողմէ եւ որ այսօր սպառած է։

Շնորհք Պատրիարքի վախճանումէն անմիջապէս վերջ, Ռ. Հատտէճեան գրի առաւ այս սրտախօսիկ յօդուածաշարքը, որուն մէջ ան կը պանծացնէ այս մեծ հոգեւորականին ու ազգասէր մարդուն յիշատակը։

Շնորհք Պատրիարքի յիշատակին համար կառուցուած համեստ յուշարձան մըն է այս։