ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՕՐԵՐ
Յուշատետր -
Այս հատորը, բացի գրական իր հանգամանքէն, մասամբ մաս կը կազմէ հեղինակի կենսագրութեան էջերուն։ Արդարեւ, այստեղ հատորին կարեւոր մէկ բաժինը կը գրաւեն սրտի գործողութեան հետեւանքով հեղինակին ապրած «հիւանդութեան օրեր»ը:
Հատորին առաջին իննսուն էջերուն վրայ ընթերցողը կը գտնէ այն ապրումները, որոնց հեղինակը ենթարկուեցաւ 2006 թուականին, սրտի գործողութեան հետեւանքով։ Ռ. Հատտէճեան ուշադիր վերլուծումներով անգամ մը եւս կ’ապրի փորձութեան ու վտանգի այդ օրերը, որոնցմէ վերջ, Աստուծոյ ողորմութեամբ, կրցաւ վերադառնալ իր բնականոն կեանքին ու աշխատանքին։
Հիւանդութեան օրերուն նուիրուած շարքի վերջաւորութեան ան կը գրէ.
«Հրաշագործ Մայր Բնութի՜ւն, որ երբեմն կամաց-
Հատորին մէջ այս բաժնին կը յաջորդեն այլ յօդուածաշարքեր, նուիրուած այլազան նիւթերու։