ՀՈՂԸ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ Է


Հողը շատ կարեւոր տեղ ունի Ռ. Հատտէճեանի գրականութեան եւ մասնաւորաբար այս գիրքին մէջ։ Ահա պատկեր մը անկէ.

«Ռազմաճակատին վրայ, խրամատի մը մէջ, զինուոր մը, յարձակումի մը նախօրեակին, գիշերուան մթութեան մէջ ձեռքը երկարեց ու ափ մը հող վերցուց գետնէն։

- Նայէ, ըսաւ ընկերոջը, որքա՜ն չոր է սա հողը։

- Ես չեմ հասկնար, պատասխանեց միւսը։

- Ես կը հասկնամ, ըսաւ առաջին զինուորը ափին մէջ փշրելով փխրուն հողը։ Այս հողը չոր ու անբարեբեր հող մըն է։ Ոչի՛նչ կը բուսնի այստեղ, անպիտան հող մըն է։ Եւ սակայն վաղը հազարաւոր երիտասարդներ իրենց կեանքը պիտի կորսնցնեն այս հողին համար։ Մարդուն պատմութիւնը, որ գլխագիր Պատմութիւնն է, առաջին օրէն ի վեր ուրիշ բան չէ եթէ ոչ հողի համար մղուած կռիւներու պատմութիւն։ Եւ մարդը, որուն համար հողը ճակատագիր մըն է, երկու ծանրագոյն պարտականութիւններ ունի իր առջեւ։ Նախ իր արիւնը հոսեցնել այդ հողին պաշտպանութեան կամ ընկալումին համար, ապա իր քրտինքը հոսեցնել այդ հողը ծաղկեցնելու ու հարստացնելու համար»։