ԻՆՉԵ՞Ր ՏԵՍԱՆՔ ԻՆՉԵ՞Ր ԼՍԵՑԻՆՔ  Ա.






Հեղինակը այս հատորով կը մէկտեղէ «Մարմարա»ի մէջ «Տեսանք-Լսեցինք» սիւնակով հրատարակուած յօդուածներու առաջին շարքը, որոնք նուիրուած են ազգային հարցերու եւ որոնք կը մեկնին 1998 թուականին կատարուած Պատրիարքական ընտրութեան օրերէն։ Ընդարձակածաւալ գիրքին մէջ ազգային կեանքով հետաքրքիր ընթերցողը շահեկան շատ բան պիտի գտնէ այս յօդուածներուն մէջ։