ԻՆՉԵ՞Ր ՏԵՍԱՆՔ ԻՆՉԵ՞Ր ԼՍԵՑԻՆՔ - Բ.
Այս հատորով կը շարունակուի «Մարմարաի» մէջ «Տեսանք-Լսեցինք» սիւնակով հրատարակուած յօդուածներու երկրորդ շարքը, ուր ընթերցողը պիտի գտնէ համայնքային կեանքէ ապրումներ եւ մտածումներ, Էլիս Այլընտի եւ հայ գաղթականներու մասին գրի առնուած հետաքրքրական յօդուածաշարք մը, ինչպէս նաեւ մեր ազգային վարժարաններուն եւ հաստատութիւններուն մասին գրի առնուած յօդուածաշարք մը՝ «Թօփգաբուի վարժարանէն մինչեւ մեր բոլոր հարցերը» խորագրով։