Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հաստատութեան
500-ամեակի յիշատակութիւնը յետաձգուած էր
Երանաշնորհ Գարեգին Ա. Պատրիարք Հօր
վախճանման պատճառաւ։ հետեւաբար ծրագրուած
նշումը իրագործուած էր Երանաշնորհ Շնորհք
Պատրիարքի գահակալութեամբ։ Երբ օրացոյցը ցոյց կու
տար 30 Դեկտեմբեր 1962 թուականը
հինգհարիւրամեակի յիշատակութեան փակման առթիւ
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի առաջին
աթոռանիստը հանդիսացած Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ
Եկեղեցւոյ մէջ արարողութեանց կը նախագահէր եւ
Սուրբ Պատարագ կը մատուցանէր Երանաշնորհ
Շնորհք Պատրիարք Հայրը, որ քարոզին մէջ կ՚անդրադառնար Յովակիմեան Աւանդի մասին, որ «նոյնինքն Թուրքիոյ
Հայոց Պատրիարքութիւնն էր, այսինքն մեր հոգեւոր եւ եկեղեցական բարձրագոյն իշխանութիւնը, որ Յովակիմ
Պատրիարքով սկսած է»։ Իր խօսքերը շարունակելով ի միջի այլոց ըսած էր. «…Հոգեւոր այս իշխանութենէն կը
բղխին եկեղեցիի մէջ գործող բոլոր եւ գոյութիւն ունեցող բոլոր միւս հոգեւոր իրաւասութիւնները։ …Յովակիմէն
փոխանցուած նուիրական աւանդ մըն է մեր պատրիարքութիւնը. Անոր զայն, այն խոր գիտակցութեամբ թէ ատով
միաւորուած է եւ իր գոյութիւնը անով պայմանաւորուած» հաստատման 500-ամեակի տօնախմբութեան առիթով կոչ
կ՚ըլլայ ամէնքիս «պինդ բռնել»։
Շնորհաց 2019 տարւոյն Դեկտեմբեր 11ին Թրքահայ համայնքի Յովակիմեան Աւանդը ունեցաւ նոր աւանդապահը,
յանձին՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպիսկոպոսի։ Այսօր Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր գահակալութեան վեց
տարին արդէն իսկ անցած է եւ կը գտնուինք եօթներորդ տարւոյ սեմին։
Նորին Ամենապատուութեան կենսագրական գիծերը եւ զինքը ճանչցողներու վկայութիւնները մեզի կը
ներկայացնեն ուսումնատենչ երիտասարդի մը տիպարը, որ աւազանի անունով Շահան, Հայ Եկեղեցւոյ եւ
Պատրիարքական Աթոռի կարեւորութեան մասին առաջին անգամ հաղորդ դարձած եւ բոլորով սրտիւ անոնց
կարեւորութեանց նկատմամբ խոր համոզում գոյացուցած էր, երբ իր քայլերը ուղղած էր Գումգաբու եւ արժանացած
Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի օրհնութեան։
Այս երիտասարդ Շահանն էր, որուն նկարագրի ցայտուն գիծերէն էր վճռակամութիւնը եւ սուրբ յամառութիւնը,
իրեն առաջադրուած գիտելիքները ընդունելու, ըմբռնելու եւ անոնցմով զարգանալու ուղղութեամբ, միշտ ի մտի
ունենալով Հայ Եկեղեցւոյ եւ այս գծով մերազն հաւատացեալներու օգտակար հանդիսանալու կարեւորութիւնը։ Այս
երիտասարդը ինչպէս հետագային ամէն առիթով պիտի արտայայտուէր, Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի
վարդապետութեան շրջանին ծանօթացած էր Մեսրոպեան տառերուն եւ մեր մայրենիին, ինչ որ ցուցիչն էր իր
երախտագէտ կեցուածքին։ Միշտ կը յիշենք «Կամենալը կարենալ է» ասութիւնը։ Փառք Աստուծոյ, որ կամեցող
երիտասարդը կրցաւ վճռակամութեամբ տիրանալ մեր մայրենիին եւ մեր մայրենիով փոխանցուած գիտելիքներուն
եւ համառ ընթերցասիրութեամբ հաղորդ դարձաւ մեր հոգեւոր եւ աշխարհիկ գրականութեան արժէքներուն։
Ուսումնատենչ երիտասարդ Շահան, շատերու համար անհասանելի կամ շատ դժուար հասանելի նկատուած կէտ
նպատակին հասնելու համար քալեց հաստատակամութեամբ եւ հաւատքով, արժանանալով դպրութեան,
ուրարակրութեան եւ սարկաւագութեան աստիճաններուն եւ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաւ Երանաշնորհ Տ.
Գարեգին Բ. Պատրիարքի ձեռամբ վերակոչուելով՝ Սահակ Աբեղայ։ Զինքը մօտէն ճանչցողներու
տպաւորութիւնները կը վկայեն, թէ Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին իրեն համար հոգեւոր բոյն մը
դարձած էր, ուր նախքան քահանայական ձեռնադրութիւնը Սուրբ Գիրք կը քարոզէր երիտասարդներուն եւ երէց
հաւատացեալներուն։
Երիտասարդ հոգեւորականը, կենսաւէտ տունկի մը նմանողութեամբ տակաւ առ տակաւ ուռճացաւ,
մասնաւորաբար Լոնտոնի եւ Տապլինի համալսարաններու մէջ խորացաւ աստուածաբանական գիտութեանց մէջ եւ
այս ոստաններու բարձրագոյն կրթարաններու ընձեռած գիտութեան ճիւղերով եւ տերեւներով առաւել եւս
զարդարուեցաւ, իր ունեցած հաւատքի զօրութեամբ դարձաւ ծառ մը մշտադալար։ Այդ ուռճացած ծառէն բղխած
ուսուցողական կարողութիւնը առիթ ընծայեց, որ անոր ներքեւ համախմբուին հոգեւոր գիտելիքներու կարօտ
հաւատացեալներ, զարգանալու եւ մեր Եկեղեցւոյ հաւատքի սիւներուն վրայ հաստատուելու առաջադրութեամբ։
Այս ուղղութեամբ նշմարելի է, կենսագրութեան այս կէտի զուգահեռութիւնը Սուրբ Աւետարանէն, ուր Քրիստոս
մանանեխի հատիկի օրինակը կու տար ըսելով. «Ի՞նչ բանի նմանցնենք Աստուծոյ արքայութիւնը, կամ ի՞նչ
օրինակով ներկայացնենք զայն. նման է մանանեխի հատիկին, որ երբ կը սերմանուի հողին մէջ՝ աւելի մանր կ՚ըլլայ,
քան երկրի վրայ եղող բոլոր սերմերը. Իսկ երբ կը սերմանուի՝ կը բուսնի եւ կ՚ըլլայ աւելի մեծ, քան ամէն տունկ, եւ
կ՚արձակէ մեծ ճիւղեր, այնպէս որ երկնքի թռչունները կրնան բնակիլ անոր հովանիին տակ» (Մարկոս, 4.30-32)։ Նաեւ
այլուր ըսած էր. «Եթէ մանանեխի հատիկի չափ հաւատք ունենաք՝ այս լերան պիտի ըսէք՝ ասկէ հոն տեղափոխուէ,
եւ պիտի տեղափոխուի. եւ ոեւէ բան ձեզի համար անկարելի պիտի չըլլայ» (Մատթէոս, 17.19-20)։
Շուրջ երեսուն տարիներ, իբրեւ կուսակրօն հոգեւորական, որպէս հոգեւոր հովիւ, որպէս վարդապետ, որպէս
ուսուցիչ իր քարոզխօսութեամբ եւ ուսուցողական կարողութեամբ հոգեւոր սնունդ մատակարարեց հաւատացեալ
ժողովուրդին եւ այս ուղղութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս դարձաւ լուսաւոր
փարոս մը, լուսաւորելով իր հոգեւոր խնամքին յանձնուած ժողովուրդը եւ աշակերտները։
Սուրբ Երուսաղէմի մէջ վարած Թարգմանչաց Վարժարանի տեսչութեան, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ
Էջմիածնի Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի ուսուցչութեան եւ հուսկ՝ տեսչութեան պաշտօնները հարստացուցած են
Նորին Ամենապատուութեան կենսագրական գիծերը։ Սահակ Հայր Սուրբը 24 Օգոստոս 2008-ին Ս. Էջմիածնի Մայր
Տաճարին մէջ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, ստացաւ եպիսկոպոսական
ձեռնադրութիւն եւ օծում եւ այս անգամ իր ծառայութիւնը շարունակեց եպիսկոոպսական իշխանութեամբ։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Նորին Ամենապատուութեան Արքութեան Պատիւ
շնորհելու սրբատառ կոնդակին մէջ նշած է իր կրթանուէր ու վարչական ծառայութիւնները ըսելով. «Ձեր
ծառայագործութեան ընթացքին բազմաթիւ յանձնառութիւններ ստանձնած էք Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի Հայոց
Պատրիարքութիւններէն ներս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ իրականացնելով վարչական, հովուական եւ
կրթական գործունէութիւն: Մայր Աթոռի Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանէն ներս Ձեր պաշտօնավարութեան
տարիներուն Մենք ականատես եղած ենք Ձեր նուիրեալ ծառայութեան բարի արդիւնքներուն, Ձեր հանդէպ մեր
ուսանողներու բացառիկ սիրոյն ու յարգանքին, որոնց համար օրինակ դարձաք Ձեր հոգեւոր նկարագրով,
աշխատասիրութեամբ, եկեղեցասիրութեամբ ու ազգասիրութեամբ»:
Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը հոգեւոր պտուղն է նոյնինքն Պատրիարքական Աթոռին եւ անոր հովանիին
ներքեւ գործող Գնալը Կղզիի Ներսէսեան Դպրաց Դասուն, որ վերակազմուած եւ ծաղկած էր Երանաշնորհ Մեսրոպ
Պատրիարք Հօր վարդապետութեան եւ Կղզեաց Հոգեւոր Հովուութեան շրջանին։
Նորին Ամենապատուութիւնը իր գահակալութեան առաջին իսկ մէկ օրէն լծուած է հոգեւոր առաջնորդութեան,
բոլոր անոնց նկատմամբ որոնք կը փափաքին Հայ Եկեղեցւոյ ծառայել որպէս հոգեւորական։ Այս ուղղութեամբ իրեն
օրինակ ունէր Երանաշնորհ Գարեգին Ա. Պատրիարքը, որուն տեսլականով հաստատուած էր Սկիւտարի Ս. Խաչ
Դպրեվանքը։ Նաեւ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքը որ տակաւին եպիսկոպոս Պատրիարքարանի երդիքին
տակ լսարանական դրութեամբ կը ջանար հոգեւորականներ պատրաստել։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ի ձեռին ունեցած պայմաններով հաստատեց «Խաչատուրեան Լսարան»ը, Հայ
Եկեղեցին օժտելու պատրաստուած հոգեւորականներով։
Նորին Ամենապատուութիւնը իր քարռզչի հանգամանքի առընթեր որպէս առաջին ծառայողը մեր համայնքին,
ամէն առթիւ իր հայրական հոգածութիւնը ցուցաբերած է հանդէպ եկեղեցական, կրթական, բարեսիրական եւ
մշակութային հաստատութեանց, քաջալերելով անոնց համայնքանուէր գործունէութիւնները եւ անոնց կողմէ
կազմակերպուած հանդիսութիւնները։
Գահակալութեան վեցերորդ տարեդարձին առթիւ ի բոլոր սրտէ կ՚աղօթեմ առ Աստուած Շարականի ընդմէջէն
բղխած օրհնութեան բառերով. «Աղբիւր կենաց եւ փրկութեան մերոյ հոգի հօր եւ որդւոյ, շնորհազարդ պայծառացո
զգաւազան իշխանութեան Տէր Սահակ Պատրիարքին, զի օրհնեսցուք զքեզ տէր այժմ եւ յաւիտեան»։ Կը մաղթեմ որ
Յովակիմեան Աւանդի մականը մնայ ծաղկեալ, առ ի հոգեւոր ծաղկազարդումն մեր համայնքի զաւակներուն։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ