ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ-ի ԱՐԱՋԻՆ 13 ՀԱՏՈՐՆԵՐԸ

Ռ. Հատտէճեան Մարմարա-ի մէջ «Յուշատետր» սիւնակը հաստատեց 4 Օգոստոս 1981ին եւ այդ թուականէն ի վեր գրեթէ ամէն օր նոր յօդուած մը գրեց առաջին էջի վրայ։ Յուշատետր-ի յօդուածները կ՚ընդգրկեն գրական, գեղարուեստական, ազգային, փիլիսոփայական, հոգեբանական, երգիծական այլատեսակ նիւթեր, որոնք մնայուն արժէք կը ներկայացնեն եւ կրնան կարդացուիլ որեւէ ժամանակ։ Ռ. Հատտէճեան այնուհետեւ սկսաւ նաեւ գիրքի վերածել այդ յօդուածները։ Սկզբնական շրջանին կրցաւ կարգաւ հրատարակել զանոնք, զանոնք կոչելով Յուշատետր-Ա, Յուշատետր-Բ, Յուշատետր-Գ, եւլն.։ Այս կերպով հրատարակուեցան առաջին 12-13 հատորները, որոնցմէ վերջ հեղինակը նախընտրեց իւրաքանչիւր հատորին անջատ անուն մը տալ, մեկնելով այդ հատորին մաս կազմող գլխաւոր նիւթէ մը։ Այսպէս, 13րդ հատորը կոչուեցաւ ԱՇՆԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԳԻՇԵՐԸ։

Աւելի վերջ, տրուած ըլլալով որ հրատարակութեան պատրաստ հատորներուն թիւը շատ բարձր էր եւ անկարելի էր զանոնք կարգաւ հրատարակել, հեղինակը սկսաւ ցատկել որոշ հատորներու վրայէն եւ նախապատուութիւն տուաւ մասնաւոր թէմաներով գրուած քանի մը գիրքերու։