ՊՏՈՅՏ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԼԻՍՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ - Ա

Յուշատետր - 59


Այս հատորով հեղինակը իր ընթերցողները կը հրաւիրէ իրեն հետ պտոյտ մը ընելու մեր երեւելի գրագէտներու կեանքի քուլիսներուն մէջ։ Այս պտոյտի ընթացքին հեղինակը մեր մեծանուն գրագէտներուն գրականութեամբ չէ՛ որ պիտի հետաքըրքրուի, այլ պիտի նայի թէ ի՞նչպէս ապրեցան այդ գրագէտները, ի՞նչպիսի կեանքի պայմաններու մէջ է որ ստեղծագործեցին անոնք, ի՞նչպիսի զարհուրելի ճամբաներէ անցան գոյատեւելու եւ հայ մշակոյթը հարստացնելու համար։

Ընթերցողը շատ բան պիտի իմանայ ու սորվի մեր երեւելի գրագէտներու կեանքի ինչ ինչ դրուագներուն մասին եւ այս հատորը կարդալէ վերջ, անպայման մոմ մը վառելու ու անոնց յիշատակին աղօթք մը մրմնջելու պահանջքը պիտի զգայ։

Առաջին հատորին մէջ կը տողանցեն Եղիա Տէմիրճիպաշեան,  Հայկանոյշ Մառք, Արշակ Չոպանեան, Շահան Շահնուր, Երուանդ Օտեան, Միքայէլ Կիւրճեան, Զապէլ Եսայեան, Տիրան Չրաքեան,  Լեւոն Շանթ,  Վահան Թէքէեան,  Գրիգոր Զօհրապ եւ Արփիար Արփիարեան։