ՊՏՈՅՏ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԼԻՍՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ - Ժ.

Յուշատետր - 68


Այս հատորով Ռ. Հատտէճեան իր ընթերցողները կը հրաւիրէ իրեն հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ կատարուած 10րդ պտոյտին,  որու երկու գլխաւոր հերոսներն են Արամ Անտոնեան եւ Արշակուհի Թէոդիկ։ Անտոնեանի յուշերը 24 Ապրիլի ձերբակալութեան յաջորդող օրերու, ապա Արշակուհի Թէոդիկի բարի հրեշտակի դերը Թէոդիկի կեանքէն ներս կը կազմեն այս հատորին առանցքը։ Այս պտոյտի ընթացքին հեղինակը մեծանուն գրագէտներուն գրականութեամբ չէ՛ որ կը հետաքրքրուի,  այլ կը նայի թէ ինչպէ՞ս ապրեցան այդ գրագէտները,  ինչպիսի՞ կեանքի պայմաններու մէջ է որ ստեղծագործեցին անոնք,  ի՞նչ զարհուրելի ճամբաներէ անցան գոյատեւելու ու հայ մշակոյթը հարստացնելու համար։