ՊՏՈՅՏ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԼԻՍՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ - Բ

Յուշատետր - 60


Այս հատորով հեղինակը իր ընթերցող-ները կը հրաւիրէ իրեն հետ պտոյտ մը ընելու մեր երեւելի գրագէտներու կեանքի քուլիսներուն մէջ։ Այս պտոյտի ընթացքին հեղինակը մեր մեծանուն գրագէտներուն գրականութեամբ չէ՛ որ պիտի հետաքըր-քրուի, այլ պիտի նայի թէ ի՞նչպէս ապրեցան այդ գրագէտները, ի՞նչպիսի կեանքի պայմաններու մէջ է որ ստեղծա-գործեցին անոնք, ի՞նչպիսի զարհուրելի ճամբաներէ անցան գոյատեւելու եւ հայ մշակոյթը հարստացնելու համար։

Ընթերցողը շատ բան պիտի իմանայ ու սորվի մեր երեւելի գրագէտներու կեանքի ինչ ինչ դրուագներուն մասին եւ այս հատորը կարդալէ վերջ, անպայման մոմ մը վառելու ու անոնց յիշատակին աղօթք մը մրմնջելու պահանջքը պիտի զգայ։

Այս երկրորդ հատորի մէջ պտոյտը կը շարունակուի հետեւեալ անուններով. Սիամանթօ, Թէոդիկ, Պուէտ Խաչատուրեան Միսաքեան, Աւետիք Իսահակեան, Անդրանիկ Ծառուկեան,  Սիպիլ,  Յակոբ Ճ. Սիրունի,  Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Գուրգէն Մահարի։