ՊՏՈՅՏ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԼԻՍՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ - Դ

Յուշատետր - 62



Հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ կատարուած պտոյտի այս չորրորդ հատորով հեղինակը կը վերակենդանացնէ ուրախութեան ու տառապանքի այն ուղիները,  որոնցմէ անցեր է հայ գրակա-նութեան մեծ վարպետ Աւետիք Իսահակեանը։ Ռ. Հատտէճեան կ’ոգեկոչէ նաեւ Գրիգոր Օտեանը,  կը հիւսէ յուզիչ պատմութիւն մը զոր ապրած էին Զապէլ եւ Հրանդ Ասատուր, կը խոնարհի Վահան Տէրեանի ապրած սէրերուն ու տառապանքներուն առջեւ։