ՊՏՈՅՏ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԼԻՍՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ - է.

Յուշատետր - 65


Այս հատորին մէջ Ռ. Հատտէճեան հետաքրքրական հորիզոններ կը բանայ Կովկասահայ գրականութեան երեք չարքաշ սպասաւորներու՝ Ղազարոս Աղայեանի,  Պերճ Պռօշեանի եւ Նար Դոսի գրականութեան եւ կեանքի քուլիսներուն մէջէն։ Յարաբերաբար մեր ընթերցողներուն քիչ ծանօթ այս հեղինակները կը յայտնաբերուին իրենց անծանօթ մնացած յատկանիշներով եւ գրական վաստակով։ Հեղինակը յարգանքով կը խոնարհի այս երեք պատուական անուններուն առջեւ եւ կը յիշեցնէ թէ ինչպիսի զոհաբերեալ աշխատանքով անոնք ստեղծեցին իրենց գրական գործերը եւ կուրծք տուին ո՛չ միայն անձնական կեանքի դժուարին պայմաններուն,  այլ նաեւ հայ մարդոց կողմէ ցուցաբերուած անտարբերութեան եւ թշնամական վերաբերումներուն։