ՊՏՈՅՏ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԼԻՍՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ - Թ.

Յուշատետր - 67

Հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ կատարուած պտոյտի իններորդ հատորը յատուկ ուշադրութիւն կը սեւեռէ միակ անձի մը վրայ, որ է հայաստանցի երգիծաբան Լեռ Կամսար, բուն անունով Արամ։ Ցարդ Սփիւռքահայ գրասէրներու անծանօթ մնացած այս անօրինակ երգիծաբանին մասին առաջին լայնածաւալ հատորն է որ կը հրատարակուի այս կերպով եւ կը վերադարձուին մեծ ու բազմաչարչար երգիծաբանին իրաւունքները։

Պոլշեւիկեան կարգերու անխնայ քննադատ, Լեռ Կամսար իր զայրոյթին եւ իր բոլոր վերապահութիւններուն մէջ պահ մը իսկ չի թողուր երգիծանքը եւ կը դառնայ հրաշալի սրամտութիւններու ախոյեան։ Ռ. Հատտէճեան, օգտուելով նաեւ Լեռ Կամսարի թոռնուհի Վանուհի Թովմասեանի օժանդակութենէն, ի  լոյս կը բերէ Լեռ Կամսար երգիծաբանի դիմագծութիւնը եւ զայն կը հռչակէ Յակոբ Պարոնեանէ եւ Երուանդ Օտեանէ վերջ թերեւս մեր երրորդ բարձրամակարդակ երգիծաբանը։