ԳՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊՈՂՈՏԱՅ ԹԻՒ 86
Այս հասցէն հեղինակին հօրենական տունն է։
Ահա թէ ինչ կ՚ըսէ ան այս մասին.
«Գուրթուլուշի Պողոտայ, թիւ 86» յօդուածաշարքը, որ գլխաւոր բաժինը կը կազմէ այս հատորին, թաղամասի մը մէջ բնակարանի մը պատմութիւնն է։ Այդ տունը իմ հօրենական տունս է։ Այդ հանգամանքով իսկ ինծի համար սրբութիւն մըն է, անմոռանալի յիշատակ մը, անցեալի մէջ մնացած գանձ մը։ Բայց այս գիրքը միայն այդ բնակարանին պատմութիւնը չէ, ոչ ալ պատմութիւնը՝ այդ տան մէջ ապրուած անձնական կեանքիս։ Ատիկա մասնակի պատմութիւնն է նաեւ ամբողջ թաղամասի մը, նաեւ հարիւրաւոր հայ ընտանիքներու, որոնք կը բնակէին Պոլսոյ այդ հայաշատ թաղամասին մէջ եւ որոնց կեանքին սա կամ նա շրջանին վրայ անջնջելի հետք մը թողած էր այդ թաղամասը։ Գուրթուլուշի Պողոտայի վրայ այսօր ալ 86 թիւ շէնք մը կայ։ Այսօր ալ մարդիկ կը բնակին այդ շէնքին մէջ։ Բայց անոնք չեն գիտեր թէ իրենց շուրջ ինչպիսի բան մը կը ծփայ անցեալէ մը, որ իրենցը չէ։ Այդ անցեալը մե՛ր անցեալն է։ Եւ մենք կը գուրգուրանք այդ անցեալին վրայ։