ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՐՈՒՆ ԺԱՄԱՑՈՅՑԸ

Յուշատետր 22


Զանազան թէմաներու նուիրուած այս հատորը, որ ի մի կը բերէ 1991ի ընթացքին հրատարակուած «Յուշատետրեր», կը մկրտուի հեղինակին հօրը ժամացոյցով՝ «Մեր Հայրերուն Ժամացոյցը»։ Ժամացոյցը այստեղ խորհրդանշան մըն է որ թարգման կը հանդիսանայ ժամանակի ընթացքին մարդոց կեանքին մէջ պատահած փոփո-խութիւններուն եւ յառաջդիմութիւններուն։ Մեր հայրերուն բոլորակաձեւ խոշոր ժամացոյցները, որոնք դուրս կը բերուէին բաճկոնի գրպաններէն, հիմա իրենց տեղը թողած են դաստակներու վրայ փոքրահա-սակ արդիական ժամացոյցներու։ Ժամանակը նոյն թափով կ’ընթանայ, բայց ապրումները շարունակ կը փոխուին։