ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՍ ՄՈՌՑՈՒԱԾ ԳԻՐՔԵՐԸ

 Յուշատետր-57


Այն օրէն ասդին երբ Ռ. Հատտէճեան ինքզինք ամբողջովին նուիրեց հայ գրականութեան, մոռցաւ իր գրադարանին ֆրանսերէն եւ անգլերէն այն անհամար գիրքերը, որոնք ֆրանսական,  ամերիկեան,  անգլիական գրականութիւններու ամենակարեւոր գործերը կ’ամփոփէին իրենց մէջ։

Հատտէճեան այս հատորով կարճատեւ վերադարձ մը կ’իրակա-նացնէ դէպի այդ հին գիրքերը, ընտրելով ընդհանրապէս ֆրանսական գրականութենէ շատ կարեւոր ու հետաքրքրական նմոյշներ։

Ռ. Հատտէճեան այսպէս՝ խղճի պարտք մըն է որ կը վճարէ իր գրադարանին հին ու մոռցուած գիրքերուն հանդէպ։ Ընթերցողը այս հատորին մէջ մեծ հետաքրքրութեամբ պիտի հետեւի 16 վէպերու պատմութեան, որոնց առընթեր պիտի գտնէ նաեւ հեղինակին մեկնաբանութիւններն ու մտածումները այդ վէպերուն մասին։