ՕՏԱՐԱԿԱՆՆԵՐ ԱՇԽԱՏԱՍԵՆԵԱԿԻՍ ՄԷՋ


Այս գիրքով Ռ. Հատտէճեան կը շարունակէ իր վկայութիւնները բերել Իսթանպուլահայ գրականութեան մօտիկ անցեալէն, որուն գլխաւոր դերակատարներէն մէկը եղած է ինք։ Ահա թէ ինք ինչ կ՚ըսէ այս գիրքին մասին։

«Այս գիրքն ալ սիրոյ ու յարգանքի տուրք մըն է, զոր կը վճարեմ հայ գրականութեան նուիրուած այն բազմաթիւ գրչեղբայրներուս, որոնց հետ կեանքիս մէջ ինչ ինչ անմոռանալի ապրումներ բաժնեցի եւ որոնցմէ շունչ մը, գիր մը, ձայն մը այսպէս կամ այնպէս կը գոյատեւէ բնակարանիս աշխատասենեակին մէջ։ Այս գիրքն ալ գրուեցաւ անկեղծ սրտի մելանով, երբեմն ալ քանի մը կաթիլ արցունքով, ինչպէս արդէն գրուած էին ու դեռ ալ պիտի գրուէին այն միւս գիրքերս, որոնց մէջ կը բաբախէ իսթանպուլահայ գրականութեան եւ իսթանպուլահայ գրագէտներու սիրտը։ Ոմանք տաղանդաւոր մարդիկ, ոմանք գրչի համեստ աշխատաւորներ, այս գրքին լուսահոգի հերոսները երբեք պիտի չկարենան գիտնալ թէ իրենց նման գրականութեան սիրահար մէկը ինչե՜ր գրեց իրենց յիշատակին, կամ ի՜նչպիսի նախանձախնդրութեամբ հակեցաւ անոնց յիշատակին վրայ, ի՜նչպէս զգաց անոնց պակասը։ Անոնք միշտ ներկայ են աշխատասենեակիս պատերուն միջեւ, գրադարանիս դարակներէն ներս, կամ գոնէ սրտիս մէջ։ Անոնք, անկախաբար իրենց ձգած տպագրեալ կամ անտիպ գործերէն, ունին իրենց մարդկային պատմութիւները, որոնց մասին մենք պէտք է վկայէինք, եթէ չէինք ուզեր որ կորսուէին այդ պատմութիւնները։ Ա՛յդ է որ կ՚ընեմ այս գիրքով։ Եւ կը հաւատամ որ ամէն գրող նոյնը պէտք է ընէ իրմէ աւելի առաջ մեկնած գրչեղբայրներու մասին։ Կը հաւատամ նաեւ որ այս գրքին հերոսները կերպով մը դարձեալ կեանքի պիտի կոչուին, որքան ատեն որ այս գիրքն ալ պիտի ունենայ իր քանի մը ընթերցողները։»