ՕԹԱՆԱՒԻՆ ԱՆԻՒՆԵՐԸ

Յnւշատետր - 42

Յուշատետր շարքի 42րդ այս հատորը գլխաւորաբար տեղ կուտայ «Օդանաւին անիւները» խորագրեալ 42 յօդուածներու, որոնք ծայր աստիճան հետաքրքրական կը  դառնան մասնաւորաբար  բոլոր անոնց համար, որոնք պարբերաբար օդանաւով ճամբորդելու փորձառութիւններ կ՚ապրին։ Օդային թռիչքի վերաբերեալ ամէն ինչ կայ այս հատորին մէջ, արդիւնք՝ հեղինակին սուր դիտարկութեան եւ բազմամեայ փորձառութեան։

Հալէպահայ մտաւորական Լեւոն Շառոյեան, որ գրած է գրքին նախաբանը, հետեւեալ կերպով կը ներկայացնէ գիրքը. «Կ՚արժէր որ ամէն հայ ճամբորդ օդակայան մեկնելէ առաջ, անպայման իր անութին տակ դնէր Ռ. Հատտէճեանի այս գիրքը ու միայն այդպէս բարձրանար սաւառնակին սանդուխներէն, չմոռնալով անշուշտ՝ հայեացք մը նետել օդանաւին սրբազան անիւներուն ալ... »։