Ռ. Հատտէճեան հայոց բանաստեղ-ծութեան եւ հայ գրականութեան պար-տէզներուն մէջ պտոյտ մը ընելէ ետք,  այս նոր շարքով կը բանայ Հայոց լեզուի սուրբ բառարաններուն դռները եւ կը մտնէ անոնցմէ ներս, որպէսզի ձեռնարկէ նոր ու հրաշալի պտոյտի մը։ Կը նշէ որ այս նոր պտոյտը առիթ է, որպէսզի միասնաբար տեսնենք թէ ինչ բառեր կան բառարաններու էջերուն մէջ, ոմանք մեռեալ եւ վաղուց թաղուած, ոմանք տակաւին կենդանի ու գործօն, որոնք սակայն հաւասար կարօտով կը սպասեն որ այցելու մը բանայ այն էջը, ուր կը գտնուին անոնք, որպէսզի քիչ մը արեւի ու աշխարհի լոյս իջնէ անոնց վրայ, քիչ մը լուսաւորուին, շունչ մը առնեն։

ՊՏՈՅՏ ՄԸ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ԲԱՌԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ - Ա.

Յուշատետր - 78