ՊՏՈՅՏ ՄԸ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ԲԱՌԱՐԱՆԻՆ  ՄԷՋ - Դ.

Յուշատետր - 81

Բառարաններու մէջ պտոյտը այս հատորով կը հասնի իր չորրորդին։ Հեղինակը ինք ալ չէր գիտեր թէ որքա՜ն հետաքրքրական եւ ընդարձակ պտոյտի մը կը ձեռնարկէր, երբ ճամբայ կ’ելլէր հայոց լեզուի ոլորտ-ներէն ներս։ Շուտով յայտնի դարձաւ որ պտոյտը վերջակէտ չունի։ Այս հատորն ալ ընթերցողին դիմաց կը բանայ վարդագոյն հորիզոններ։

«Մեր լեզուին գեղեցկութիւնները անսահման են,  թող անսահման ըլլայ նաեւ մեր հիացումը այդ գեղեցկու-թիւններուն նկատմամբ», կ’ըսէ իր նախաբանին մէջ Ռ. Հատտէճեան։