ՊՏՈՅՏ ՄԸ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ԲԱՌԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ -
Յուշատետր -
Հայոց լեզուի մէջ կատարուած խանդավառ պտոյտներու եօթներորդ հատորն ալ ահաւասիկ կը դնենք մեր ու մեր մայրենին սիրողներու սեղանին վրայ։
Վերջին անգամ ըսած էինք՝ եկէք մեզի հետ, սիրելի ընթերցողներ։
Նոյնը կ՚ըսենք այս անգամ ալ եւ նոյնը պիտի ըսենք միշտ։ Եկէք մեզի հետ, եկէք միասնաբար պտըտինք հայոց լեզուի բառարաններուն մէջ, այսինքն եկէք պտըտինք հայոց լեզուի գանձարաններուն մէջ, եկէք ձեռք տանք հայոց լեզուի պահապաններուն, որոնք բառարաններն են ամէն հասակով։