ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆ ՄԸ ԻՐԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ
Այս հատորը առաջինն է նոր շարքի մը, որ կոչուած է «Ուղեւորութիւն՝ դէպի միասնութիւն եւ կարօտ»։
Հեղինակը այս շարքին մէջ պիտի ամփոփէ բոլոր այն ուղեւորութիւնները, զորս կատարած է դէպի զանազան երկիրներու հայ գաղթօճախները։ Այս գիրքը նուիրուած է Թեհրանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի հրաւէրով իրականացած այցելութեան, որ կազմակերպուեցաւ Թարգմանչաց տօնի առիթով։
Հեղինակը այստեղ մօտէն կը ճանչնայ ու կը ծանօթացնէ Թեհրանի հայ գաղութը, ինչպէս նաեւ Նոր Ջուղայի մէջ հաստատուած հայոց կեանքը։