ԹԵԼԵՐԸ Կ՚ ԵՐԿԱՐԻՆ ԿԵՐԹԱՆ


Դարձեալ հեղինակին տանք խօսքը.

«Շոգեկառքին պատուհանին քով նստած, գլուխս ապակիին կռթնցուցած, աչքերս կը սեւեռէի երկաթուղիի քովէն ընթացող ելեկտրաթելերուն։ Ելեկտրաթե՞լ էին, հեռագրաթե՞լ, չեմ գիտեր։ Մեզի հետ զուգահեռ կերպով կ՚ընթանային այդ թելերն ալ։ Աչքերս չէի բաժներ անոնցմէ։ Բարձր ձողի մը գագաթէն ճամբայ կ՚ելլէին, կ՚իջնէին, կ՚իջնէին, յետոյ քիչ մը նոյն մակարդակին վրայ ընթանալէ վերջ կը սկսէին բարձրանալ, կը բարձրանային, հօփ, նոր ձողի մը գագաթին կը հասնէին եւ դարձեալ կը սկսէին իջնել, իջնել, եւ այսպէս շարունակ։ Թելերու խաղ մըն էր այդ, եւ աչքերս թելերուն հետ միասին կ՚իջնէին, կ՚ելլէին, կ՚իջնէին, կ՚ելլէին։ Երբեմն կը սկսէի ձողերը համրել։ Կը համրէի, բայց ձողերուն վերջը չէր գար։ Թելերը երբեմն կը հեռանային երկաթուղիէն, բլուրի մը, բարձունքի մը ետեւ կը մնային, կամ զանոնք կը կորսնցնէի երբ շոգեկառքը փապուղիէ մը ներս կը մտնէր։ Քիչ վերջ սակայն անոնք դարձեալ կը յայտնուէին, դարձեալ կ՚ընկերանային մեզի, իջնելով, երկարելով, բարձրանալով ...։ Այդ թելերը ժամեր ամբողջ կը ճամբորդեն միատեղ, անցնելով լեռներու ու հովիտներու մէջէն, մէկ քաղաքէն միւսը, յետոյ դէպի ուրիշ քաղաք մը»։