ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ
Ռ. Հատտէճեան անպայման յօդուածաշարք մը կամ գիրք մը գրած է ամէն անգամ որ գացած է Երեւան։ Այս մէկը կը վերաբերի 1989ի այցելութեան։ Երկրաշարժին վրայէն հազիւ մէկ տարի անցած է։ Եւ ինք հետեւեալ կերպով կ՚արտայայտուի.
«Երթալ ու աչքով տեսնել այդ վանքերը։ Քաղաքներէ բաժնուիլ, կառքով մը ժամեր ամբողջ ճամբայ կտրել, լեռներ մագլցիլ անդունդներու մօտենալ, ձորերու մէջ իջնել, խոտերու մէջէն քալել, եւ վերջապէս ... դէմ յանդիման գալ անոնց հետ։ Ուրախանալ, աչքերուն չհաւատալ։ Նախ հեռուէն կուշտ ու կուռ դիտել, անոնց իրական պատկերը նոյնացնել գրադարանին գիրքին մէջի պատկերին հետ, եւ մտածել որ անոնք իրապէս գոյութիւն ունին երեք տարածութեան մէջ։ Յետոյ երթալ մինչեւ անոնց քովը, ձեռք դպցնել անոնց պատերուն, շոյել անոնց քարերը, շրջիլ ներքնամասերը, հիանալ, եւ վերջապէս ... անպայման քանի մը անգամ լուսանկարուիլ անոնց դրան կամ պատերուն առջեւ։
Անգամ մը որ տեսնես վանքը իր բնաշխարհին խորը ու իր երեք տարածութիւններուն մէջ, անկէ վերջ ան քեզի համար այլեւս պիտի դադրի առասպել մը ըլլալէ, իրական պիտի դառնայ, այնքան իրական, որքան քաղաքը, որքան պանդոկը, որքան պանդոկի սենեակդ։ Անգամ մըն ալ երբեք պիտի չմոռնաս զայն ու այնուհետեւ, եթէ անոր անուան հանդիպիս գիրքի մը կամ գրութեան մը մէջ, յանկարծ գլուխդ պիտի վերցնես պահ մը, պիտի թաղուիս մտածումներու ու յիշողութիւններու մէջ, ու պիտի ըսես. «Ես գացած ու տեսած եմ զայն»։