Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԻ
ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ռոպէր Հատտէճեան ծնած է 1926-
Դպրոցական կանուխ տարիներէն արդէն սկսած էր ցուցաբերել գրականութեան նկատմամբ հակում, իր դասընկերները եղած էին Գեղամ Սեւան, Վարդ Շիկահեր, Արամ Գամպnւրեան, կը գրէր թրքերէն բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ ու վէպեր։ 1946ին Խաչիկ Ամիրեանի ու Վարուժան Աճէմեանի քաջալերութեամբ սկսաւ հայերէն գրել, իր առաջին պատմուածքը «Բառասխալ» հրատարակուեցաւ Անիւ ամսագրի մէջ։ Այնուհետեւ Ռ. Հատտէճեան ինքզինք բոլորովին նուիրեց հայ գրականութեան, գրելով պատմուածքներ, արձակ բանաստեղծութիւններ «Սան», «Ճառագայթ» պարբերականներուն մէջ։ Աւելի վերջ Զահրատին, Խրախունիին ու Վարուժան Աճէմեանին հետ Մարմարա-
1967-
1960-
Շնորհք Պատրիարքի գահակալութեան առթիւ գրի առաւ երջանկայիշատակ Պատրիարքին բովանդակալից կենսագրութիւնը որ հրատարակուեցաւ փառաւոր հատորով մը։ Իսկ Շնորհք Պատրիարքին մահէն վերջ գրի առաւ « Յիշելով մեր սիրեցեալ Շնորհք Պատրիարքը » սրտախօսիկ հատորը։
1986-
Նոյն տարին Մխիթարեան Սանուց Միութեան մէջ տօնուեցաւ իր գրական գործունէութեան քառասնամեակը, որու առիթով հրատարակուեցաւ շքեղ յուշամատեան մը՝ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի խմբագրութեամբ։
Իր ծովածաւալ վաստակին առ ի գնահատանք Շնորհք Պատրիարքի առաջարկով ու Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի օրով արժանացաւ Ս. Սահակ -
Թատերական իր վերջին գործերէն մէկն է «Արդեօք Մահը ա՞յս է» թատերախաղը, որ Էսաեան Սանուց Միութեան մէջ ներկայացուեցաւ հեղինակին ծնդեան 70ամեակին առթիւ դերասանուհի Անի Իփէքքայայի դերակատարութեամբ։
1995-
1996-
Ս. Էջմիածնի մէջ Մայր Աթոռի մատենաշարէն Գարեգին Ա. Վեհափառ Հայրապետի հրամանաւ ու գրականագէտ Սուրէն Դանիէլեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսաւ « Յուշատետր ընտրանի » հատորը, 700 էջերով փառաւոր հատոր մը որ կը բովանդակէ հեղինակին ամենագեղեցիկ էջերը։
1997-
Գրական իր այս լայն աշխատանքին քով, ան ունի ճամբորդական նկարագրութիւններու ծովածաւալ յօդուածներ, ու վէպերու, պատմուածքներու, թատերախաղերու թարգմանչական հսկայ աշխատանք մը։
1999-
«Հին Հասցէներ», «Գրական Հաւաքոյթ Սուատիյէի մեր պարտէզին մէջ», «Թելերը կ’երկարին կ’երթան», «Հողը ճակատագիր է», «Ծովը ամբողջութեամբ ճամբայ է», «Երեւանեան Յուշատետր», «Պտոյտ մը Հայ բանաստեղծութեան պարտէզին մէջ», «Յակոբ Պարոնեան վերադարձաւ», «Առաստաղին միւս կողմը» («Առաստաղ» վէպին շարունակութիւնը)։
Ռ. Հատտէճեանի գրական աշխատանքը Հայաստանի մէջ եւս լայն ճանաչում գտաւ շնորհիւ գրականագէտ Սուրէն Դանիէլեանի, որ Ռ. Հատտէճեանի մասին հրատարակեց հոյակապ ու բազմակողմանի ուսումնասիրութիւն մը՝ «Ռ. Հատտէճեան, ներաշխարհի Գեղարուեստական Քննութիւն» անուան տակ։
2001-
1 Դեկտեմբեր 2001ին ալ Ռ. Հատտէճեան, իր գրչեղբայրներէն Զահրատի, Զ. Խրախունիի եւ Տօքթ. Վարդ Շիկահերի հետ միասին, արժանացաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի Ա. կարգի պատուոյ շքանշանին եւ օրհնութեան կոնդակին։
Ռ. Հատտէճեան 2002 Մարտ ամսուան մէջ, Սահակեան Սանուց Միութեան կողմէ իր ծննդեան 75-
* Հայկական Առածներու Ներշնչումով (Բ. Տպագրութիւն),
* Օտարականներ Աշխատասենեակիս Մէջ,
* Թատերախաղեր,
* Գուրթուլուշ Պողոտայ, թիւ 86,
* Սրբալոյս Միւռոն Եւ Կրակարանը
2002 Յունիսին Ռ. Հատտէճեան մասնակցեցաւ Հայ Գրողներու Առաջին Համահայկական Խորհրդաժողովին եւ արժանացաւ նախ Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարութեան Ոսկեայ Մետայլին, ապա Հայաստանի Պետութեան Մովսէս Խորենացի Մետայլին, որ Պոլսոյ մէջ իրեն յանձնուեցաւ Հայաստանի Արտաքին Նախարար Պր. Վարդան Ոսկանեանի ձեռամբ։
Այնnւհետեւ հրատարակnւեցան թnւականի կարգnվ հետեւեալ նnր գիրքերը
Հազար տարի Ս. Գրիգnր Լnւսաւnրչի Հետ -
Բնանկարներ -
Օդանաւին անիւները -
Իսթանպnւլահայ Նnր Բանաստեղծnւթեան Վէպը -
Ասիկա Այբ Է -
Գրադարանիս մnռցnւած գիրքերը
Թարգմանչաց Տօն մը Թեհրանահայnւթեան մօտ -
Առագաստ դէպի բանաստեղծnւթիւն – 2006
Հիւանդnւթեան օրեր -
Պտnյտ Հայ Գրականnւթեան Քnւլիսներnւն Մէջ -
Քանի Մը ծառեր անտառին մէջ 2009
Անկարելի Նամակ Մեր Սիրելիներnւն -
Մեր Հայրերnւն Ժամացnյցը -
Կեանքը Խմբագրատnւնէն Ներս – 2010
Զրnյց Հինցած Գրիչի Մը Հետ – 2011
Դիմանկարներ -
Պտnյտ Մը Հայnց Լեզnւի Բառարանին Մէջ – ցարդ հրատարակnւած է վեց հատnր 2012էն սկսեալ
2007 թnւականի Մայիս ամսnւն Իսթանպnւլի եւ Հայաստանի մէջ մեծ հանդիսnւթիւններnվ նշnւեցաւ Ռ. Հատտէճեանի ծննդեան nւթսnւնամեակը, nրnւ առիթnվ ան Հայաստանէն արժանացաւ հետեւեալ շքանշաններnւն.
* Երեւանի Խաչատnւր Աբnվեանի անnւան մանկավարժական համալսարանի nսկեզօծ շքանշան -
* Հայաստանի Մշակnյթի Նախարարnւթեան Ոսկեայ մետայլ – 2007
* Երեւանի Պետական համալսարանի Ոսկեայ մետայլ – 2007
* Ֆրիտիnֆ Նանսէնի անnւան Ոսկեայ յnւշամետայլ – 2007
2009 թnւականին Ռ. Հատտէճեան Հայաստանի Լրագրnղներnւ Միnւթեան կnղմէ պարգեւատրnւեցաւ Ոսկեայ Գրիչ մետայլnվ, nր առաջին անգամ կը տրnւէր Սփիւռքահայ հրապարակագրի մը։
Իսկ 2011 թnւականին, Հայաստանի Հանրապետnւթեան Անկախnւթեան հռչակման քսանամեակի առիթnվ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ս. Մեսրnպ Մաշտnց nսկեայ ադամանդակnւռ մետայլnվ պարգեւատրեց Ռ. Հատտէճեանը։
Ռ. Հատտէճեան Իսթանպուլահայ մշակութային ու հանրային կեանքին մէջ ունի անուրանալի իր տեղն ու վաստակը՝
* որպէս գրող ու հրապարակագիր
* որպէս գրական շարժումներու դրօշակիր ու քաջալերող
* որպէս բանախօս ու բեմբասաց ընկերային ամէն տեսակ ձեռնարկի ընթացքին
* որպէս աշխարհի բոլոր հայաշատ քաղաքներէն հրաւիրուող եւ ամենուրեք խանդավառութիւն ստեղծող մտաւորական ու մտքի մարդ,
* որպէս աշխարհի բոլոր հայաշատ վայրերու մտաւորականութեան քաջածանօթ ու բոլորին սէրն ու յարգանքը վայելող, նաեւ իր ժողովուրդին անխառն սիրոյն արժանացած հայ մարդ,
* որպէս գեղարուստի բոլոր ճիւղերու, մանաւանդ թատրոնի ու երաժշտութեան սիրահար ու հմուտ՝ քաջալերող, գնահատող ու անոնց մասին արտայայտուող
* որպէս Իսթանպուլահայ գրագէտներուն ու բանաստեղծներուն գործերուն հրատարակուելուն սատար հանդիսացած, իր տպարանին մէջ մօտաւորապէս 300 հատոր գիրք տպած հրատարակիչ,
* որպէս ընկերային ու քաղաքական ճկուն կեցուածքի տէր խմբագիր,
* որպէս խաղաղասէր, մարդասէր, արդարադատ ու հայրենասէր մարդ, ազգային ու կրօնական սրբութիւններու ամենաջերմ պաշտպան,
* որպէս իր շրջանի հաւատարիմ ու վստահելի մէկ պատմագիրը (Շնորհք Պատրիարք Կենսագրութիւն, Իսթանպուլահայ նոր գրականութեան պատմութիւն, Պոլսոյ համայնքային հաստատութիւններու ու համայնքային կեանքի մասին գրուած անհամար յօդուածներ, Հայաստան ներառեալ՝ բոլոր ճամբորդութիւններէն վերջ այդ ճամբորդութիւններուն մասին գրուած ճանապարհագրութիւն, յուշատետր ու օրագիր, եւայլն)։
Պատրաստեց՝ ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ