ՆՈՐ
ԼՈՒՐԵՐ ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ ԳԻՐՔԵՐ ԱՐԽԻՒ ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ  ՆԱՄԱԿ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ
Share on Facebook Share on Twitter Share via e-mail
80. Տարի

ԳԻՐՔ

© NorMARMARA 2001 - 2019
Share on Facebook Share on Twitter Share via e-mail
ԱՐԽԻՒ - 04 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2020











SUĞSUĞU <şğs+ğtz mg bznğaudnğt rğ çuösuauğrdğ gzkşğjnpzşğndz nd ausuwz Auw cnpnfndğerz İ$ ;zzeşuz Ağubuyux I+zg!

?ğriınir ,zzeşuz .nğandğeg mğmrz +ğazndkrdzzşğ knp ışpujzt ausuwz sşğ irğşlr cnpnfndğerz fğuw!

?ğriıni ,zud nd wuwızşjud^ Qşö şd sşö sş, udşıri!

Sş, udşıri zuşd usçnp< suğemndkşuz^ ?ğriınzşuw mus nv-?ğriınzşuw^ Auw mus uwluöür^ ani mus srzvşd ub.uğar ustztz aşxudnğ uzmrdzzşğg^ uwi+ğ şd üulr= çnlnğ +ğşğnd gzkuj=rz!

?ğriıni ,zud^ şd ?ğriıni ustz +ğ glluw sşör aşı!

Giı uduzendkşuz^ sşğ kşğkrz wu<nğe krdg mg ağuıuğumndr 7 Wndznduğ 2020 Şğş=buçkr!







USŞZ$ I$ HUIĞRUĞ? İĞÇUÖUZ A*Ğ

İ$ ;ZZEŞUZ HUIÜUSG



ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

ՁԵԶԻ ԵՒ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ


Տարիներ կ՚անցնին եւ մենք խոր մխիթարանք կը զգանք երկու հազար տարուան աւետիսը վերստին հնչեցնելու. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ»։

Մեր մանկութեան ջերմագոյն յիշատակներով խանձարուրուած է այս օրը, չենք ուզեր որ փոխուի։ Ամէն ինչ կը փոխուի մեր շուրջ. մեր տարիքը, շրջապատը, աշխարհը, ժամանակները, ամէն ինչ։ Իսկ մենք կ՚ուզենք փարոսներ գտնել այս ծփծփուն եւ վաղանցուկ իրականութեանց մէջ։ Մեր լոյս հաւատքի արտայայտութիւններն են այդ փարոսները, որոնք կը փայլին ամբողջ տարի Քրիստոնէական տօներու շքեղ տողանցքովը՝ ետեւ ետեւէ։

Ահա, եղանակները յաջորդեցին իրարու եւ երկրագունդը արագընթաց շրջան մը եւս բոլորեց արեգակին շուրջ եւ մեր ճամբաները զուգադիպեցան կրկին Բեթղեհէմի խորհրդաւոր մթնոլորտին։ Կարծէք թէ այսօր է տեղի ունեցեր Ս. Ծնունդը. այնքան թարմ են պատահածները եւ յաւերժօրէն կենդանի։ Աստուածորդւոյն Աստղը կը փայլի մեղմիկ՝ երկնակամարին վրայ պսպղուն՝ առաջնորդելով մեզ հանդիպելու տիեզերքի իմաստին: Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի. «Աստուած մարդացաւ»։

Սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ մեր,

Բեթղեհէմի այրին մէջ, ուր Աստուածորդին մանկացաւ՝ եղաւ մեծագոյն յայտնութեան վայրը աստուածային սիրոյ: Հօր Աստուծոյ սիրտէն ծնունդ առնող Միածինը հաճեցաւ այս անգամ Սուրբ Կոյսի արգանդէն ծնիլ մարդկութեան պատմութեան մուտք գործելու համար 2020 տարի առաջ: Ան ծնաւ մեղքերու բանտէն ազատելու համար մարդը, որուն մէջ արատաւորուած աստուածային պատկերը վերականգնելու, անոր հոգին ազատելու, որպէսզի փրկուելով մահուան ճիրաններէն՝ ետ դառնայ Անառակ Որդիին նման, իր Հօր տունը՝ ուրախութիւն պատճառելու Հօր եւ երկինքի հրեշտակներուն: Մեծ է, շա՜տ մեծ է Աւետիսը:

Տակաւ կ՚արձագանգէ հրեշտակներու օրհներգը Բեթղեհէմի քարքարուտ հովիտներուն մէջ, բայց այս անգամ՝ երգակցութեամբը Մանկանց Եկեղեցւոյ՝ սփռուած ողջ աշխարհի մէն մի անկիւն։

«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն»

Հովիւներու չափ խոր սքանչացումով տպաւորուած են մեր յուզումնալից երեսները՝ պահի երկիւղով հիասքանչ եւ ուրախ. «Փրկիչը Ծնաւ»։

Շտապենք մենք ալ բարի հովիւներուն հետ միասին, լեռներէն դէպի վար ճախրենք շնչասպառ, մեզի տրուած մեծ Աւետիսով հրճուած։ Յոգնաբեկ քաղաքը քունի մէջ է շատոնց, բայց մենք արթուններէն ենք։ Բաց թողելիք առիթ մը չէ այս մէկը։ Մեր ձանձրալի կեանքին ոսկեղէն պահն է հոգեթով ու սարսռուն։ Եկէ՛ք, մտնենք գոմէն ներս, խոնարհելով մեր գլուխները մսուրին մեջ խանձարուրուած Գանձին առջեւ եւ ծնրադրենք խոշոր բանալով մեր աչքերը զարհուրած։ «Անբաւելին երկնի եւ երկրի ի խանձարուրս պատեցաւ»։

Կանթեղի մը աղօտ լոյսին տակ դիտենք քնքուշութեամբ տիեզերքի Արեւը, Սուրբ Մարիամի եւ Յովսէփի հետ միասին։ Առանձին չենք սակայն, հետզհետէ շրջանակը կ՚ընդլայնի, բոլոր ժամանակներէն եւ ազգերէն, բոլոր լեզուներէն եւ երկիրներէն մեծ ուխտագնացութիւն մը կը հոսի գոմէն ներս՝ արեւաշող գետի մը նման։ Բեթղեհէմի քարայրը այլեւս այնքան փոքր չէ, պատերը փուլ եկած են ամբողջ եւ կ՚ընդարձակուի դէպի աշխարհի չորս ծագերը՝ արեւելք եւ արեւմուտք, հարաւ եւ հիւսիս անարգելաբար։ Այո՛, սուրբ Մանուկը յաջողած է ամբողջ աշխարհը իր Բեթղեհէմին վերածել եւ իր մսուրը շատոնց դարձուցեր է համայն մարդկութեան տրոփող սրտին։

Սուրբ Մանուկը որեւէ վերապահում չունի բոլոր մարդկութիւնը իր սուրբ ընտանիքի անդամ դարձնելու, կը բաւէ որ մարդիկ հաւատքի անկեղծ փորձ մը կատարեն։

«Ո՛վ որ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ՝ անիկա է եղբայրս, քոյրս եւ մայրս» (Մատթ. 12.49)։

Մենք, մարդերս, մեղքի պատճառաւ հեռու ինկեր էինք աստուածային փառքէն՝ ստանալով թշնամիի դիրք եւ դաւաճանի կերպարան, անանցելի մեծ անդունդ մը գոյացեր էր մեր եւ մեր Արարչի միջեւ։ Ահա Խաղաղութեան Իշխանը կու գայ միացնելու մանկան մը սուրբ էութեամբը մարդն ու Աստուած։ Այս Մանուկը կատարեալ Աստուած է իր սրբութեամբ եւ կատարեալ մարդ՝ իր անմեղութեամբ։ Ուստի հաճելի է Աստուծոյ եւ բաղձալի՝ մարդոց որդիներուն։ Միութեան կամուրջն է անիկա, ե՛ւ այսպէս՝ Փրկիչ բոլորի։

«Ով որ սիրէ զիս՝ խօսքերս կը գործադրէ. Հայրս ալ պիտի սիրէ զայն եւ ես եւ Հայրս անոր քով պիտի գանք եւ անոր հետ պիտի բնակինք» (Յովհ. 14.23)։

Մեր բոլոր խնդիրներու կարգաւորման վայրն է այս միութիւնը։ Երբ կը մօտենանք Տէր Յիսուսին՝ իր ահարկու սէրը կ՚այլափոխէ մեզ եւս, նոր կեանք տալով, կը նմանցնէ մեզ իրեն, որ է մեր հաւատքի ժայռը, յոյսի խարիսխն ու սիրոյ մեծ խարոյկը: Երբ մօտենանք իրեն՝ կը մերձենանք իրարու նաեւ, նախկին թշնամիներ եւ մրցակիցներ, անհաշտ տոհմեր, լեզուներ, ազգեր՝ մարդկութեան բաժանեալ ընտանիքները, բաժանեալ՝ հազար ու մէկ կտորի։ Տուն վերադարձած Անառակ Որդիները ոչ միայն իրենց Հօր հետ կ՚ողջագուրուին, այլ նաեւ իրարու հետ՝ որպէս վերագտնուած կորուսեալ եղբայրներ։

Տիեզերական միութեան պատմութիւնը կը սկսի Բեթղեհէմի մանկան առաջին ճիչով։ Նախ եւ առաջ, ժամանակները կը կամրջեն՝ հին եւ նոր, Քրիստոսէ առաջ եւ յետոյ։ Հրեշտակները եւ մարդիկ կը միանան նոր երգի մը շուրջ։ Աստղագէտները՝ այլ եւ այլ ազգերէն, կու գան մէկտեղուելու որպէս հեթանոսներ հրեային հետ։ Հարուստը եւ աղքատը, ազնուականը եւ ռամիկը, գիտունը եւ տգէտը, արուն եւ էգը, մարդը եւ անասունը, գիշերը եւ ցերեկը մէ՛կ կը դառնան։

«Որովհետեւ Յիսուս Քրիստոսի հաւատալով՝բոլորդ ալ Աստուծոյ որդիներ եղաք։ Անգամ մը որ Քրիստոսի միանալով մկտուեցաք, այլեւս Քրիստոս է որ կ՚ապրի ձեր մէջ։ Ալ ո՛չ Հրեայի եւ հեթանոսի խտրութիւն կայ, ո՛չ ստրուկի եւ ազատ մարդու, ո՛չ ալ արուի եւ էգի, որովհետեւ Քրիստոսի միանալով՝բոլորդ ալ մէկ եղաք» (Գաղ. 3.26-28)։

Չարերն ալ սակայն ի մի հաւաքուեցան Բեթղեհէմի մանկան շուրջ, խեղդելու համար անոր լոյսը դեռ չծնած։ Սուրբ ընտանիքի վրայ յարձակեցան դժխեմ դժբախտութիւններ՝ կործանելու համար անոր երջանկութիւնը. աղքատութիւն, պանդխտութիւն, առանձնութիւն, օտարութիւն, ձմեռնային ցուրտ, իրենց երեսին դէմ փակուած դռներ,  Հերովդէսի դաժան զինուորները եւ ի վերջոյ դէպի Եգիպտոս գաղթականութեան դառն փորձառութիւնը։

Սակայն սուրբ ընտանիքը տոկաց ամէն ինչի իր Աստուծմով զօրացած՝ փարելով իր աներեր հաւատքին, քալեց խաւարին եւ հուրին ընդմէջէն անվնաս։ Հաւատացեալ Հայ ընտանիքն ալ փաստեց դարերու ընթացքին, որ մինչ իրենց երդիքին ներքոյ մանուկ Յիսուսը ունին եւ իրենց սիրտին մէջ անոր հաւատքը ամուր պահած են՝ կարող են յաղթահարելու ամէն դժուարութիւն եւ կուրծք տալու բախտին փչած բոլոր քամիներուն համբերատարութեամբ։

Շատ կանուխէն ողջունեց մեզ Բեթլեհէմի մանուկը եւ երկու հազար տարի առաջ արդէն ուղարկեց մեզի իր երկու առաքեալները, Ս. Թադէոսը եւ Ս. Բարթողոմէոսը՝ մեր առաջին լուսաւորիչները։ Իսկ մեր իշխանաւորները 301 թուականին այցելութեան եկան եւ երկիրպագելով մատուցանեցին անոր Հայ ժողովուրդի ոսկին, կնդրուկն ու զմուռսը՝ համբուրելով ոտքերը Խաղաղութեան Իշխանին։ Անոնց առաջնորդող աստղը եղաւ Սուրբ Գրիգոր հայրապետը՝ Լուսաւորիչը Հայաստանեայց աշխարհի։ Այս անգամ Ս. Էջմիածինն էր երկրորդ Բեթղեհէմը, ուր Փրկիչը ծնաւ մեր ազգին համար եւս։ Ուստի մեր սրտի մաղթանքն է նաեւ, որ Լուսաւորչի Կանթեղը Արագածի կատարին անմար պլպլայ ընդմիշտ՝ կամար կապելով Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան աստղին հետ սերունդէ սերունդ:

Կ՚աղօթենք որ Լուսաւորչի տեսիլքը շարունակէ լուսարձակել Սուրբ Էջմիածնէն մեր ժողովուրդի աշխարհացրիւ զաւակներուն վրայ՝ յիշեցնելով անոնց 2020 տարուան ընթացքին եւս այն ուխտը որ ազգովին կնքած ենք ծնեալ Փրկիչին հետ:

Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան կենսանորոգ տօներուն առիթով կ’ողջունենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր։ Քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ’ողջունենք նաեւ մեր Հոգեւորական Դասու անդամները, Սրբազան Եպիսկոպոսներն ու Միաբան Հայրերը, Քահանայից, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Պատրիարքական Աթոռի Տնտեսական Խորհուրդի, Տիկնանց եւ Երիտասարդաց կազմերու անդամները, Գործածուած իրերու եւ հագուստներու վերարժեւորման յանձնախումբը, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժքոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Հիմնադրի ներկայացուցիչներն ու Տնօրէնները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական ու մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ Անձնակազմը, բարեսիրական եւ կրթական հաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները, համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը՝ մաղթելով բոլորին երջանիկ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։

Յատուկ օրհնութեամբ կ’ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք Կրետէի Հայ համայնքի անդամները։

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի։ Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կը հայցենք Նորին Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները վասն պայծառութեան Աթոռոյս։

Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։

Մեր հայրական սրտագին սէրն ու ողջոյնները կ՚առաքենք սփիւռքի մէջ գործող Ս. Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսաեան ու Մխիթարեան Վարժարաններու Սանուց Միութեանց Վարչութիւններուն ու մերազն ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք նեղ պայմաններու մէջ կը շարունակեն տէր կանգնիլ իրենց աւանդութիւններուն։

Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։

Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ։

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։


Հայրական սիրոյ ողջունիւ եւ աղօթիւք ի Քրիստոս


ՍԱՀԱԿ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

RĞUZJR Ö*ĞUFUĞ İRDLTWSUZRR İHUZNDKRDZG FIUZÜUDNĞ RĞUFROUM İIŞP;ŞJ



Şğtm lğuınd çnlnğ ünğ,umulndkrdzzşğnd ndbueğndkrdzg mşeğnzuju, tğ uwz öuğüujndszşğnd fğuw^ nğnz= mg wu<nğetrz rğuzjr ö+ğufuğ ?uigs İrdltwsuzrr ihuzndkşuz! İrdltwsuzr ihuzzndu, tğ Usşğrmuwr Zu.uüua Kğusyr ağuauzünf^ Hupıuır +eumuwuzr sşğqumuw=g nd rğuzumuz mnpsg wuwıuğuğu, tğ nğ buı ,uzğ aumuöeşjndkşusç sg fğtc.zerğ hrır glluz uwi ihuzndkşuz ausuğ!

Mujndkrdzg buı sıuanürv t nd sr<uöüuwrz auzğndkrdzg uzqmndkşusç mg ihuit Usşğrmuwtz nd Rğuztz wuwıuğuğndkrdzzşğnd! Usşğrmşuz ?nzmğtig şğtm muw,umzuwrz uğuündkşusç fudşğujndj çuzuqşd sg^ giı nğnd uxuzj =nzmğtir uğı+zndkşuz^ Rğuzr aşı auduzumuz huışğuösr ausuğ zrdkumuz sr<njzşğ hrır vığusueğndrz çuzumrz!

?nzmğtir Itsn=ğuk ,şğumndıumuzzşğg =zzueuışjrz Kğusyr nğnbndszşğg^ wuwıuğuğşlnf nğ Zu.uüuaz nd rğ fuğvumuösg mg ynğqşz iuğiuyşlr znğ huışğuösr st< zşğ=ubşl Usşğrmşuz hşındkrdzg! Erışl ığndşjud nğ Rğuzr aşı huışğuös sg uzausuğ mnğndiızşğ nd kğrlrnzzşğnd auiznp zrdkumuz fzui hrır çşğt şğmğrz! Uwe ündsuğzşğg htı= t ,u.işl n_v kt uzfşğ<uzulr huışğuöszşğnd^ uwl Usşğrmuwr cnpnfndğer muğr=zşğndz ausuğ^ wuwıuğuğşjrz sş,ukrd ,şğumndıumuzzşğ!


ŞDĞNHUZ MLRSUWUMUZ

UPTIR AŞI ETS WUZERSUZ$$$

Anluzıuwr ausuliuğuzzşğnd ürızumuzzşğnd muz.uışindkrdzzşğnd ausuquwz^ ardiri-ukluzışuz aniuz=g^ wuxu<rmuw auğrdğ ıuğrzşğndz mğzuw nğnbumr+ğtz yn.şl rğ ndppndkrdzg şd uprıulr aşışduz=zşğ huıouxşl Şdğnhuwrz!

Wuwızr t nğ ışpndszşğnd sş, =uzumndkrdzg^ rzvhti zuşd Mrğrzltzır iuxnwjzşğnd aulrlg^ mlrsuwr ıu=ujsuz huıouxnf su=ndğ <ndğr =uzumndkrdzg m'udşljzt Ukluzışuz nfmruznir ardiriuwrz suir fşğrz bşğışğndz st<!

mg zbndr zuşd nğ ardiri-ukluzışuz aniuz=r uxcusşuw .u.ındsg wuxu<rmuw auğrdğ ıuğnduz st< mğzuw ışpr ndzşzul 15 ınmni auduzumuzndkşusç!


LĞUÜĞNP UASTI ULKUZR HUIRCG FUDŞĞUJNDŞJUD


Fşğu=zzrv &rikrzu)/ euıuğuzg şğtm fudşğujndj uwz forxg^ önğ şpşxzueuı uışuzg uğqumu, tğ wuwızr lğuüğnp Uastı Ulkuzr ets! Ulkuz 5 ıuğr 11 usri çuzıuğmndkşuz euıuhuğındşjud Zu.uüuar uzqg frğudnğşlnd şd uauçşmvumuz .sçudnğsuz =uğnövndkrdz muıuğşlnd wuzjuz=zşğnf!

{Kuğu)´ kşğkr ağuıuğumndkşuz zu.mrz ız+ğtzg 27 Wndzri 2016rz {Auhtğıuğ´ muw=t<rz fğuw {oösşl nd uzjzrl´ .nğuüğnf w+endu, sg ağuıuğumu, tğ^ ünğ,u,şlnf uwzhrir uğıuwuwındkrdzzşğ^ nğnzj aşışduz=nf aşıu=zzndkrdz çujndu, tğ^ rim wşınw Ulkuz qşğçumulndu, nd çuzı pğmndu, tğ!

Uwcs Uastı Ulkuz mğzuw foxrz ets çnpn=şl Foxuçşm Uışuzrz s+ı!


USUZNĞŞUW :ĞU:OUZ?%

S:RKUĞŞUZ FUĞCUĞUZR HUĞITÖRZ ST>


S.rkuğşuz İuzndj Srndkrdzg İ$ ;zzeşuz şd Usuznğr uxrknf ,ğuüğu, tğ .ğu.ouz= sg muösumşğhşl 24 Eşmışsçşğ 2019r rğrmndzg^ İ$ ;zzeşuz ı+zr oğuüulnwjr İ$ Huıuğuütz şı=! :ğu.ouz=r zu.+ğşumrz suauju, tğ S.rkuğşuzjrzşğnd ausuğ auğuöuı uzndz^ fuiıumubuı mğkumuz sbum% Yui=ul Kt+ğtzlr nd audu=nwkg wşıuqündu, tğ 3 Wndznduğ 2020rz!

Şğtm ürbşğ^ znğ ıuğnduw şğğnğe +ğg^ S.rkuğşuz İuzndj Srndkşuz mnpst muösumşğhndu, .ğu.ouz=g muwujud nd uzüus sg şdi ausu.sçşj fuğcuğuzr sş, gzıuzr=g! Huğıtörz st< çujndu, trz ıupuduğzşğ nd zşğmuzşğndz mg ağusjndtrz upuzeşğzşğ^ Usuznğşuw uduzeumuz ndışlr=zşğ^ .nğnfu, şğbrm nd auj^ zuşd ıu= ürzr nd önfujndjrv uwl gshşlrzşğ!

Lnwişğnf öuğeuğndu, tğ zuşd şpşdrz sg nd uğndşiıumuz qrdzr yukrlzşğg mg ışpuwrz zşğmuzşğndz fğuw! Ktmndö uğndşiıumuz^ çuwj yukrlzşğg wuımuht_i suzndmzşğndz t nğ ndğu.ndkrdz mg huıouxtrz nd uznzj irğıg mg <şğsujztrz! Aşbıulndğ şğucbındkrdzg nüşdnğ huaşğ m'uhğşjztğ çnlnğrz nd bndğ<huğr mg ağudrğtğ Usuznğşuw luduışindkşusç!

Uduğırz^ zşğmuzşğg umusuw çuczndşjuz huğıtötz^ rğşzj bznğaumulndkrdzg wuwızşlnf İuzndj Srndkşuz fuğvndkşuz^ nğ uwihrir zu.uqşxzndkrdzzşğnf mg ynğqt usndğ huaşl fuğcuğuzr nd auwmumuz uhğndszşğnd aşı muhşğg!