Ռ. Հատտէճեանի գլխաւոր գործերէն մէկն է այս, ու հեղինակը գրական շքեղ ոճով կը պատմէ դէպի Երեւան իր առաջին այցելութիւնը։ Այս գիրքէն ընտրուած հատուածներ յաճախակի կերպով բեմերու վրայէն կ՚արտասանուին ասմունքողներու կողմէ։
ԲԱՌԱՍԽԱԼ Պատմուածքներ
Ռ. Հատտէճեանի առաջին շրջանի պատմուածքները մէկտեղուած են այս գրքին մէջ։
ՄԱՐԴՈՑ ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԽԵՂՃՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ Պատմուածքներ
Ռ. Հատտէճեան այս գրքին մէջ ամփոփած է երկրորդ շրջանի իր պատմուածքները, որոնք փիլիսոփայական եւ հոգեբանական պեղումներ կ՚ընեն մարդկային հոգիէն ներս։ Հեղինակը դիպուկ վերլուծումներով երեւան կը հանէ մարդուն մէջ մեծութիւնն ու խեղճութիւնը, յաղթանակն ու պարտութիւնը։
Ռ. Հատտէճեանի ցարդ հատորի ձեւով հրատարակուած գործերուն մասին
մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք հետեւեալ տեղեկութիւնները։
Փափաքողները կրնան խմբագրութեանս միջոցաւ ապահովել օրինակներ