ՆՈՐ
ԼՈՒՐԵՐ    ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ     ԳԻՐՔԵՐ   ԱՐԽԻՒ   ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ     ՆԱՄԱԿ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ  
Share on Facebook Share on Twitter Share via e-mail
81. Տարի © NorMARMARA 2001 - 2020
Share on Facebook Share on Twitter Share via e-mail

15.04.2021

UXUİIUP-UXUİIUPRZ SRDİ MNPSG% RS İNDÖUMTİ

&Gzkşğjnpr ıhudnğndkrdzzşğ/

Üğşj% ZUĞŞM UĞ?$ ULŞTSTÖŞUZ

ՇԱՐ. 1


Xnhtğ Auııtoşuzrz%

İ$ Sşiğnh Subınjr 95-usşuw ubumşğırz

aşxudnğ-sşğqumuw çuğşmusri

----------------------------------------------------

Ա.- ՄՈՒՏՔ

 Հայ մամուլին տուած ամենօրեայ առցանց այցելութիւններէս մէկուն ընթացքին` «ՄԱՐՄԱՐԱ» աւետեց, թէ մէկ կողքի տակ վերահրատարակուած են Ռ. Հատտէճեանի ԱՌԱՍՏԱՂ եւ ԱՌԱՍՏԱՂԻՆ ՄԻՒՍ ԿՈՂՄԸ վէպերը –– թերեւս աւելի ճիշդ է արձանագրել` երեք հատորէ բաղկացած վէպի մը առաջին երկու հատորները։ (1) Յիշեցնեմ, թէ ԱՌԱՍՏԱՂ լոյս տեսած է 1983-ին եւ ԱՌԱՍՏԱՂԻՆ ՄԻՒՍ ԿՈՂՄԸ` 2000-ին։

 20 Փետրուար 2021-ին մտերմիկ ե-նամակով գիրքէն օրինակ մը խնդրեցի հեղինակէն, որուն հետ բարեկամութիւնս սկսած է 1991-ին, առաստաղին միւս կողմէն` Նիւ Ճըրզի։

 12 Մարտին գիրքը Մոնթրէալ(2) հասաւ` 23 Փետրուար 2021 թուակիր մակագրութեամբ. նոյն գիշերն իսկ սկսայ կարդալ զայն եւ աւարտեցի 15 Մարտին։ Գիրքը աւարտելէն ետք ուրախացայ, որ պատուար-առաստաղը կամուրջ-առաստաղի, թռիչք-առաստաղի վերածուած էր, եւ ցատկահարթակի (spring board) դեր կատարելով` առաստաղին միւս կողմէն մտորումներու պատուհաններ կը բանար հայ կեանքին վրայ։

 ԱՌԱՍՏԱՂ - ԱՌԱՍՏԱՂԻՆ ՄԻՒՍ ԿՈՂՄԸ հատորին հեզասահ եւ հաճելի ընթերցումը խթանեց զիս տպաւորութիւններս թուղթին յանձնելու։

 Հատորին կողքի բաց կապոյտ եւ նարնջագոյն գոյնը` խորհրդանշական երկու նկարով –առաստաղը, պատուհանը, երկինքը, լուսինը, աստղերը, խաչը եւ զանոնք իմաստաւորող մարդիկը (երկու գլխաւոր հերոսները` անանուն հայրն ու անոր աղջիկը` Սաթենիկը)– հրաւիրեց զիս Սաթենիկին սարսափ մատնող աչքերով կարդալու հատորը, որ երկինք-երկիր մերձեցումը նոր իմացումով փոխանցեց ինծի։

 Հատորը նաեւ սրտիս խօսեցաւ եւ զիս մխիթարեց, որովհետեւ հայրս եւ մայրս ալ իրենց կեանքին վերջին հինգ տարիները Մոնթրէալի ծերանոց-հիւանդանոցներուն մէջ անցուցին։ Առաւել, հայրս կեանքին վերջին տարին անկողին մնաց` վէպին անանուն հօր պէս։ Հանգուցեալ ծնողքիս կերպարները ուրուագծուեցան աչքերուս դիմաց եւ անոնց յիշատակը յաճախեց զիս. հայրս մահացած էր 23 Մայիս 2020-ին եւ մայրս` 3 Յունիս 2020-ին։

 Ինչպէս գրութեանս ենթավերնագրին մէջ նշած եմ, ես հատորին մասին գրախօսական չեմ գրեր, այլ աղուոր գիրքի մը ընթերցումը վայելածի գոհունակութիւնս կը յայտնեմ եւ գիրքէն առած տպաւորութիւններէս անդին կ՛երթամ` հայ հոգեւորականի ծառայութեանս հովիւ-հօտ ամենօրեայ շփման փորձառութիւնս պատմելով։ Առաստաղին ճի՛շդ միւս կողմէն` Մոնթրէալէն կը գրեմ եւ կու գամ առաստաղին այս կողմը` Պէյրութի, Հալէպի, Պոլսի եւ աշխարհի զանազան քաղաքներուն մէջ ստացած գրգիռներուս կապոցը բանալու։

 Ես հատորին մասին չեմ գրեր, այլ` «վէպը ինծի ի՛նչ ըսաւ»-ին մասին։ Հոս megatext մը պիտի գտնէք, որ հեղինակին եւ իմ ալեկոծումներս իրարու կ՛ագուցէ։ Ուրեմն, հատորը պատճառ է, որ ես իմ ըսելիքներս ըսեմ, որովհետեւ ի վերջոյ գիրք մը գրուելէն եւ լոյս տեսնելէն ետք գրողին կողքին ու գրողէն անդին ընթերցողին կը պատկանի։


Բ.- ԱՌԱՍՏԱՂ -ԱՌԱՍՏԱՂԻՆ ՄԻՒՍ ԿՈՂՄԸ ԻՆՔՆ ԻՐ ՄԷՋ ԵՒ ԴԷՊԻ ԴՈՒՐՍ

 Հատտէճեանի վէպին առաջին երկու հատորները ենթահող ունին Հայկական ցեղասպանութեան հետեւանքները։ Առաջինին պարագային` վերապրողներ ստիպողաբար կը լքեն իրենց ծննդավայրը եւ կը հաստատուին Պոլիս։ Երկրորդ հատորին մէջ, վերապրողներէն ծնածներ կը հեռանան Պոլսէն եւ կ՛երթան Գանատա –– դէպի ուծացո՞ւմ, օտարացո՞ւմ, մաշո՞ւմ, ձուլո՞ւմ, դիմացկունութի՞ւն, հայապահպանութի՞ւն, նոր կրկնակի/խառն ինքնութի՞ւն` գանատահայութիւն, նոր հայատիպի կերտում, համակեցութեան փորձարկում, գանատակացում։(4) Այս կորիզին շուրջ կը մշակուի վէպը, որ օրին հանգամանօրէն ներկայացուած է Լեւոն Շառոյեանին կողմէ։(5) Անշուշտ, հասկնալի է, թէ 1983-ին եւ 2000-ին Իսթանպուլի մէջ կարելի չէր բացայայտօրէն արտայայտուիլ Հայկական ցեղասպանութեան մասին –այսօր եւս որոշ զգուշութիւն կը յանձնարարուի–, սակայն հեղինակը նուրբ ակնարկութիւններ կատարած է մեր այս Մեծ ողբերգութեան։

 Հատտէճեան հայկական գաւառի մը գիւղէն (նեղ շրջագիծ) քաղաք` Պոլիս (մօտ եւ լայն շրջագիծ) եւ Մոնթրէալ-Գանատա (հեռու եւ աւելի լայն շրջագիծ) կը տանի մեզ, սահմանէն արտա-սահման/ներ ճամբորդութեամբ։ Հեղինակը այնպիսի մանրամասնութիւններ կու տայ գանատահայերու փորձառութիւններուն մասին, որ կը կարծես թէ ինք Գանատա ապրած է։

  Հատորը համամարդկային յատակ ունի,(6) սակայն հայերով ներսէն դուրս կ՛ոստնու։ Ներսը կրնանք աւանդական ներ-հայկականը նկատել, դուրսը` նոր ներ-հայկականը, արտա-հայկականը, գանատա-հայկականը, գանատականը։ Պոլսոյ մէջ –նաեւ` Պէյրութի եւ Հալէպի, յիշելու համար Միջին Արեւելքէն երկու հայահոծ համայնք եւս– հա՛յ ենք արդէն,(7) իսկ Գանատայի –եւ բոլոր Գանատաներուն– մէջ հայապահպանումը դամոկլեան սուրին նման կը սպառնայ մեր ինքնութեան անդամահատման։

 ԱՌԱՍՏԱՂ պատմուած է հօր բերնով. ԱՌԱՍՏԱՂԻՆ ՄԻՒՍ ԿՈՂՄԸ` աղջկան բերնով։ Սակայն երկուքին մէջ ալ հինի-նորի ջերմ հանդիպումներ եւ ձիգ պահեր գոյ են` սերնդափոխութեան (վէպի գլխաւոր հերոսներէն հօր հայրը, անանուն գլխաւոր հերոսը` ըստ Լեւոն Շառոյեանի,(8) աղջիկը, թոռնիկը, այլ երկրորդական տիպարներ) եւ տեղաշարժի թելերով հիւսուած։ Հայր-Սաթենիկ/Սաթօ աղջիկ/մայր կերպարները –հայ հայրիշխանութիւն եւ մայրիշխանութիւն– երկու հատորներուն մէջ ալ իրարու կը հանդիպին հօր յաճախակիութեամբ։

 Հատտէճեանի դիտանկիւնէն նայելով վէպին հոլովոյթին, զարգացումին, ծալքերուն եւ փոթորկումներուն` արտաշխարհի-ներաշխարհի ներթափանցումը տաքուկ կապ մը կը ստեղծէ հեղինակին եւ ընթերցողին միջեւ։

 Դուրսի-ներսի փոխարծարծման յաջող փորձ մըն է հօր փորձառութիւնը, երբ ան կը հաստատէ.- «Եթէ ուրիշ անկողին մը, կամ ուրիշ սենեակ մը տրուած ըլլար, բոլորովին տարբեր տեսարան մը պիտի ունենայի։ Իմ ճակատագիրս ա՛յդ է ահաւասիկ. ծառի կտորը, դիմացի տան տանիքը եւ երկինքի շերտ մը…» (էջ 56)։

Բոլորս ալ կը դիտենք մեր շրջապատը։ Մեզմէ ոմանք իրենց շուրջը կը նային, ուրիշներ` ետ, տակաւին այլք` յառաջ. սակայն մեզմէ քիչեր իրենց դիտածը ներսէն եւ դուրսէն կը տեսնեն։ Այդ քիչերէն է Հատտէճեան, որ նաեւ ինքն իր մէջ կը նայի եւ հոն գտածը առաստաղին վրայ կ՛ուրուագծէ։ Ան նախ կը հպի երեւոյթին, հարցին եւ մի քանի էջ ետք –երբեմն յաջորդ հատորին մէջ– քանիցս կը խորացնէ տուեալ նիւթը` ըստ պարագայի մանրադիտային ու հեռադիտային յաջողութեամբ։ Ան ի վերջոյ կը յանգի հանգրուանի մը, երբ շարժանկար դիտելու նման` կը մտերմանանք իր շօշափած թեմաներուն, պահերուն, անձերուն, վայրերուն, մտածումներուն եւ զգացումներուն։

 Երբ Հատտէճեան իր շուրջը կը դիտէ, պարզ դիտորդէն կը տարբերի իր տեսածներուն մէջ իմա՛ստ որոնելու եւ անոնցմէ կեանքի դասեր քաղելու ու զանոնք հաղորդական ոճով մեր վայելման տրամադրելու եզակիութեամբ` մեզ եւս շրջապատին անխուսափելի ազդեցութիւններով պարուրելով։

 Հատտէճեան քննական աչքով խորադիտածը անպաճոյճ լեզուով եւ զրուցակիցի հարեւանութեամբ կ՛արձանագրէ։ Կարծէք գրող եւ կարդացող կողք-կողքի նստած ենք եւ լարուած հետաքրքրութեամբ պատումը կ՛ըմբոշխնենք։

 Հատտէճեան հոգեբան իմաստասէր մը չէ միայն, այլ նաեւ` բարոյախօս մը –– իմաստալից կեանք ապրելու հրաւիրող կենսախայտ հեղինակ մը, մարդ մը, հայ մը, որ երախտարժան պատուական վաստակով իր երկարակեցութեան եւ գերարդիւնաբերութեան բարիքները կը բաշխէ մեզի, երբ կեանքի՛ փիլիսոփայութեան հաստատումներ կը բանաձեւէ. օրինակ` ժամանակին եւ դէպքերու փոխառնչութիւնը (էջ 132), մարդ ըլլալու անփոխարինելիութիւնը (էջ 140), սիրոյ հաճոյքը (էջ 142), զղջումը (էջ 174), սիրոյ սովը (էջ 204)։

 Չեմ գիտեր, եթէ վէպին մէջ գործող անձերուն տրուած անունները ենթա-իմաստ մը եւ թելադրականութիւն մը ունին Հատտէճեանին համար, սակայն ես երեք բանալի անուններու յիշատակում պատշաճ կը նկատեմ.- (ա) Սաթենիկ Սանատրուկ թագաւորին աղջկան` առաջին հայ քրիստոնեայ նահատակին անունն է. վէպին մէջ Սաթենիկ կենդանի նահատակ մըն է` թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ՛ Մոնթրէալի մէջ։ Եկեղեցին նահատակներով, մարտիրոսներով, հերոսներով տոկաց եւ յաղթանակեց. հայ ընտանիքն ալ նմանապէս անոնցմով կ՛ապրի ու կը դիմանայ։ (բ) Սաթենիկին ամուսինը Յակոբ կը կոչուի, որ խաբող կը նշանակէ. Յակոբ կը դաւաճանէ Սաթենիկին, կը խաբէ Սաթենիկը։ (գ) Ռուբէն կիլիկեան Հայաստանը յուշող իշխանական անուն է. վէպին Ռուբէնը իր ընտանիքին իշխանն է. սակայն հարց է, թէ պիտի յաջողի՞ իր հայ իշխանական կոչումին տէրը մնալ Գանատայի մէջ։ (9)   


Գ.- ԱՌԱՍՏԱՂ - ԱՌԱՍՏԱՂԻՆ ՄԻՒՍ ԿՈՂՄԸ` ԻՐՄԷ ԱՆԴԻՆ

 Երբ Հատտէճեանի այս երկու հատորները ոսպնեակէս կը դիտեմ, կարգ մը երեւոյթներ առաւել ընդլայնման, խորացման եւ այժմէականացման փորձագրութիւն մը կը պարտադրեն ինծի` յատկապէս հայկական շրջածիրով։ Կը գոհանամ այս երեւոյթներուն հպելով, երբեմն հարցումներ ուղղելով եւ պատասխաններ առաջարկելով։ Այս բոլորը կը կատարեմ վէպէն եկող եւ միաժամանակ զայն անդրանցող եռանկիւնին շուրջ, որ է բռնագրաւեալ Հայաստանը, Պոլիսը եւ Մոնթրէալը։ (10)

 Երկար կարելի է գրել այս վէպին մասին։ Կը սահմանափակուիմ երկու գլխաւոր մոթիֆներ առանձնացնելով.-

 (ա) Մոնթրէալի մէջ տիրական է այն մշակութային ցնցումը (cultural shock), որ մեզ կը խորթացնէ –թէկուզ կը կիսա-խորթացնէ– մեր Հին աշխարհէն` ուր երկիր, մարդիկ –յատկապէս հայր/մեծ հայր– եւ յիշատակներ (11) թողած ենք։

 (բ) Հայ ընտանիքին հետ ընտանիքներու համագումարը եւս` ազգը կը քայքայուի։ Մտահոգութեան պատճառը այն է, որ երէկ` 1983-ին եւ 2000-ին քանդուող ընտանիքները փոքրամասնութիւն էին, այսօր` 2021-ին մեծամասնութիւն։ (12)

 Ի վերջոյ, այս երկու գլխաւոր մոթիֆները կը յանգին այնքա՜ն չարչրկուած ինքնութեան սահմանումին։ Ո՞վ եմ ես/որո՞նք ենք մենք հարցումներուն սպառիչ եւ բոլորը գոհացնող պատասխաններ տալը գրեթէ անկարելի դարձած է այլեւս։ Իւրաքանչիւր անհատ ինք կ՛որոշէ իր ո՛վ ըլալլը։ Մանաւանդ մեր պարագային` ինքնութիւնը ձուլումն ու յարմարեցումը, համակերպումը կիսափուլ պատով մը իրարմէ կը բաժնէ` մեզ աւանդական հայկականութեան եւ խորհրդանշական հայկականութեան միջեւ տարուբերելով։

 Կարկինս լայն բանալով, ինքնութեան հարցին առնչուած երկու պարագայ պիտի յիշեմ.-

 (ա) Սովետական միութեան օրերուն` ռուս հայր մը, մայր մը եւ իրենց երկու աղջիկները իրենց ամբողջ կեանքը Հայաստանի մէջ ապրած են։ Աղջիկներէն մին կ՛ըսէ, թէ ինք ռուս է, միւսը՝ հայ: Այսօր այս զոյգը անճրկած հարց կու տայ.- «Ի՞նչ ենք մենք։ Ժամանակին ամեն ինչ դիւրին էր, երբ մենք եւ մեր երկու զաւակները կ՛ըսէինք “Մենք  Սովետական միութեան քաղաքացի ենք”, իսկ հիմա ի՞նչ ենք»:

 (բ) Պէյրութէն Սիտնի գաղթած երկու հայ եղբայրներ տասը տարի ետք Պէյրութ կը վերադառնան եւ իրենց ազգականներուն այցելած ատեն զանոնք կը մեղադրեն, որ անոնք իրենց կեանքը յումպէտս վատնած են Լիբանանի մէջ, ու հոս ամեն ինչ սխալ եւ անյոյս է. մինչ հոն` Աւստրալիա ամեն ինչ կատարեալ է եւ իրենք յաջողութենէ յաջողութիւն ցատկած են. իրենք յաղթական են, մինչ հոս մնացողները` պարտեալ։ “Ի վերջոյ, ի՞նչ տարբերութիւն. դուք լիբանանահայ էք, իսկ մենք` աւստրալիահայ”», կ՛եզրակացնեն անոնք։

 Ետդարձ չկայ։ Մէյ մը գացողը զղջացած է, մէյ մըն ալ մնացողը – paradox է։

ՇԱՐ. 1


------------------------------------------------------------------------------------------


 1-11 Նոյեմբեր 2012-ին, «ԳՐԱՆԻՇ»-ի հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, ԱՌԱՍՏԱՂ եւ ԱՌԱՍՏԱՂԻՆ ՄԻՒՍ ԿՈՂՄԸ գիրքերուն մասին Հատտէճեան հետեւեալ տեղեկութիւնը կու տայ.- «Ուրեմն այստեղ երկու հանգրուան կայ` գաւառէն գաղթ դէպի մեծ քաղաք, քաղաքէն` դէպի օտար երկիր:
Պատմութեան երրորդն ալ` «Առաստաղը փլաւ», այդ օտար երկրին մէջ ապրած կեանքին յուզումը պէտք է ըլլար` ինչպէս նոր սերունդը կը հասցնէ եւ կ’ապրի օտարին պէս: Անիկա չգրուեցաւ տակաւին, քանի որ գրուելուն հետ մէկտեղ պիտի փլուէր նաեւ յոյսը»
:

https://granish.org/%D5%BC%D5%B8%D5%BA%D5%A7%D6%80-%D5%B0%D5%A1%D5%BF%D5%BF%D5%A7%D5%B3%D5%A5%D5%A1%D5%B6-%D5%B0%D5%A1%D6%80%D6%81%D5%A1%D5%A6%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%B5%D6%81/

 {այցելած եմ 22 Մարտ 2021–ին}


 2-Հատտէճեան «Մոնրէալ» կը գրէ, ես` «Մոնթրէալ»։ Montreal-ի ֆրանսական եւ անգլիական անուանումներու ետին իսկ մշակութային պրկում-լարումը գոյ է։ Մոնրէալ-Մոնթրէալ ապրող հայը օրէ-օր այս երկուքը միասին –մէկուն կամ միւսին առաւել ազդեցութեամբ անկասկած– իր ինքնութեան կ՛ընդելուզէ։ Ահաւասիկ այսպիսով միայն քաղաքի՛ մը մէջ արդէն իսկ բազմինքնութեան –ասոր մէջ կը մտնեն նաեւ զանազան ժողովուրդներու հետ (արաբ, յոյն, թուրք եւ այլն) մեր տեղական շփումները– նրբերանգներու դէմ յանդիման կը գտնուինք, որ ինքնին արհամարհելի երեւոյթ մը չէ։

 3-Երրորդ հատորը պիտի գրուի դեռ…։ Պիտի գրուի՞ արդեօք, գրուա՞ծ է եւ պիտի հրատարակուի արդեօք. թերեւս աւելի լաւ է, որ այս հարցումները այսպէս առկախ մնան առայժմ։

 4-Իրապաշտ ըլլանք ընդունելու, թէ Նոր աշխարհը իր ընձեռած կարելիութիւններով եւ առթած գրաւչութեամբ –հոս զայն կրնանք որպէս «Գանատական երազ» (Canadian dream) բնորոշել– կը ներխուժէ մեր կեանքէն ներս` մեզ իր գլանին տակ ճզմելով կամ մեզի յարմարուիլ վարժեցնելով։ Հարստանալը, լաւ հագուիլը, լաւ ուտելը միայն –ամեն մարդ ուզածին պէս եւ չափ թող երկարէ շարքը– չի՛ գոհացներ մարդը։ Անկէ անդին ուրիշ պահանջներ ալ ունինք, որոնց կ՛անդրադառնայ վէպը։

 5-Տե՛ս «ԱԶԴԱԿ», 5 Սեպտեմբեր 2016, «Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ – 90. ԱՌԱՍՏԱՂԷՆ ԴԷՊԻ ԱՌԱՍՏԱՂԻՆ ՄԻՒՍ ԿՈՂՄԸ»։ Գրութեանս մէջ մի քանի անգամ պիտի ակնարկեմ Շառոյեանի այս գրութեան` Լ.Շ. նշումով։ https://www.aztagdaily.com/archives/313377 {այցելած եմ 22 Մարտ 2021–ին}

 6-Կը բաւարարուիմ համամարդկային յատակի երկու պարագայ նշելով.- (ա) «Ճէսիքային հայրը ներողութիւն խնդրեց Ռուբիկէն, ցաւ յայտնեց որ Ռուբիկ, Ճէսիքան իր տունը տանելու ազնիւ ցանկութեան պատճառաւ այսպիսի արկածի մը ենթարկուած էր։ Յայտնեց թէ ի՛նք էր որ պիտի վճարէր Ռուբիկին կառքին ամբողջական ծախսը» (էջ 331)։ Գանատացիի մը դիտանկիւնէն մեծ ժեսթ մըն է այս մէկը, երբ Ռուբէնին ինքնաշարժին նորոգութեան ամբողջ ծախսը պիտի վճարէ անոր ընկերուհիին հայրը. իսկ հայու դիտանկիւնէն կրնանք պարզապէս յարել.- “Big deal!!!”

 (բ) «Ես կին մըն եմ։ Եւ զաւակ մը ունիմ։ Եւ կարեւորութիւն կուտամ ընտանիքիս» (էջ 344)։ Ինչպէ՞ս սահմանել այս երեք սեղմ նախադասութիւնները։ Սաթենիկ զանոնք կ՛արտասանէ որպէս իր հա՛յ ընտանիքը փրկելու ճիգին մեկնակէտ. սակայն անոնք որեւէ ազգի կնոջ մը, մօր մը կրնան պատկանիլ` թէեւ տարբեր շեշտադրումով։ Թերեւս ազատամիտ օտարը պաղարիւնութեամբ կրնայ քրքջալ.- “So what!!!”  

 7-Աւանդական հայը մնացի՞նք. այս ալ ուրիշ խնդիր։ Յիշենք, որ վէպին առաջին հատորը լոյս տեսած է 1983-ին եւ երկրորդը` 2000-ին, ու ես կը գրեմ 2021-ին` 38 եւ 20 տարի ետք, երբ կամուրջին տակէն շա՜տ ջուր հոսեցաւ եւ համաշխարհայնացումի քամին մեզ աշխարհաքաղաքացի դարձուց…։ Հայուն սփիւռքացումը վերլուծելը մեզ հեռուները կրնայ տանիլ։ Հոս անոր տեղը չէ, որովհետեւ մեզ հատորին ծիրէն դուրս կը հանէ։

 8-«Հետաքրքրական է, որ գլխաւոր հերոսը անուն չունի: Հատտէճեան իրենց անուններով կը յիշէ վէպին մնացեալ բոլոր դերակատարները, բայց արկածեալ հերոսը կը թողու անանուն: … «Առաստաղ»-ին հերոս[ը] … անանուն է, թերեւս անոր համար, որ այդ տիպարը ներկայացուցիչն է ժամանակաշրջանի բոլոր հայրերուն, միեւնոյն ցաւերը կիսող, միեւնոյն տագնապները ապրող բոլո՛ր հայ հայրերուն» (Լ.Շ.):

9-«Արեւմուտքի օտարոտի բարքերուն զոհ պիտի երթար նախ ընտանիքին հայրը` Յակոբը, յետոյ ալ զաւակը` Ռուբիկը: Սաթենիկ` այս երկաթեայ ու հրաշալի կինը, աներեւակայելի համբերութեամբ, լռութեամբ ու խելացի հնարամտութիւններով պիտի աշխատէր փրկել այն ի՛նչ որ կարելի էր փրկել այն, իր տունը լափլիզող կրակէն…» (Լ.Շ.):

 10-Անհրաժեշտ կը նկատեմ ընդգծել, թէ ինծի համար Պոլիսը եւ Մոնթրէալը հոս վէպէն թելադրուած պայմանական անուններ են` Միջին Արեւելքը եւ Նոր աշխարհը յատկանշող. այսինքն` ուր որ հայ կայ։ Հայաստանի հանրապետութիւնը եւ հոնկէ արտագաղթած ու սփիւռքացած զանգուածը հոս չեն ներառուած` դարձեալ վէպին հաւատարիմ մնալու պարտաւորութեամբ։ Վէպին նոյն թելադրականութեամբ, յատուկ լուսարձակի տակ բերած եմ գանատական մեծ տիեզերքին մէջ թաւալող հայկական փոքր տիեզերքը։ Երբ մեծ հայրիկը կը հարցնէ, թէ անգլերէնի իմացութիւնը ո՞ւր պէտք պիտի ըլլայ Ռուբիկին, ան «հո՛ն» կը պատասխանէ` Գանատային ակնարկելով, որ եթէ թոռնիկին համար չխամրող երազներու եւ անգտանելի յաջողութիւններու երկիրն է  –Նոր աշխարհը–, սակայն մեծ հօր եւ թոռնիկին միջեւ առաստաղ ըլլալու փոխարէն կարծր պատ կը դառնայ։ Ըստ Սաթենիկին` Յակոբին եւ Ռուբիկին ապագան Գանատան է։ Գանատան մանաւա՛նդ զաւկին ապագայի երկիրն է։ Մօր պարտքն է մտածել Ռուբիկին ապագային մասին եւ կատարել գերագոյն զոհողութիւնը` թէկուզ ինքզինքին աքսորավայրի մէջ ապրիլ պարտադրելով։ Գանատան բարգաւաճում, բարօր կեանք եւ ապահով ապագայ կը խոստանայ –– նոր իմն Աւետեաց երկիր…։

 11-Փակագիծ մը բանամ։ Վէպին մէջ ակնարկութիւններ կան հօր չկարենալ յիշելու սարսափէն զերծ ըլլալու գոհունակութեան, որուն համար չկարենալ յիշելը աւելի ահաւոր է քան ցմահ կռնակին վրայ անկողին մնալը։ Համահայկական զուգահեռ մը գծելով կրնանք հաստատել Հայկական ցեղասպանութիւնը միշտ յիշելու մեր հրամայականը։ Իտալացի իմաստասէր եւ վիպագիր Ումպերթօ Իգօ (Umberto Eco [1932–2016]) իրաւամբ կը գրէ, թէ յիշատակը մեր հոգին է։ Եւ եթէ մեր յիշատակը ամբողջապէս կորսնցնենք, առանց հոգիի կը մնանք։

 12-Վէպէն դուրս ելլելով կը տեսնենք, թէ այս կազմալուծումին մէջ դրական երեսներ ալ կան, երբ հայկական եւ գանատական փոխազդեցութիւններ բարերար դեր կը կատարեն` Հին աշխարհէն մեր բերածը ներդաշնակելով Նոր աշխարհին մէջ մեր գտածին. օրինակ` հայ տղայ եւ հայ աղջիկ, հայ տղայ եւ ոչ-հայ աղջիկ, հայ աղջիկ եւ ոչ-հայ տղայ լաւ ընտանիքներ կը կազմեն, կեանքի մէջ յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն, անոնց զաւակները նախանձելի դիրքերու կը հասնին, խնամիներ իրարու հետ ներդաշն կ՛ըլլան եւ այլն. ասոնց վրայ եթէ գումարենք նաեւ հայկական երանգներ` իտէալականին մօտեցած կ՛ըլլանք։



© NorMARMARA 2001 - 2021
Share on Facebook Share on Twitter Share via e-mail

15.04.2021

Շար-2 Hotvatz2