UXUİIUP- &Gzkşğjnpr ıhudnğndkrdzzşğ/ Üğşj% ZUĞŞM UĞ?$ ULŞTSTÖŞUZ ՇԱՐ. 2 |
Xnhtğ Auııtoşuzrz% İ$ Sşiğnh Subınjr 95- aşxudnğ- - Ի՞նչ կը նշանակէ լիբանանահայ ըլլալ, աւստրալիահայ ըլլալ, գանատահայ ըլլալ, հա՛յ ըլլալ։ Հայ քրիստոնեա՞յ ենք, քրիստոնեայ հա՞յ ենք, հայ- Այսօր, Նոր աշխարհի հայերուն համար ինքնութեան սահմանումին մէջ խնդրայարոյց տեղ տրուած է նաեւ լեզուի՛ն` խօսակցական եւ գրաւոր հայերէնի գործածութեան չափին։ Մեծ հայրիկը հիւանդանոցին մէջ թոռնիկին կը յիշեցնէ, թէ ինք անգլերէն չի՛ գիտեր, եւ կը յանձնարարէ.- Վերադառնալով վէպին, խորհրդածութիւններս խորացնելու համար` ինքնութեեան հարցը շօշափող երկու հատուածներ կ՛առանձնացնեմ. առաջինը` առնչակից երկու հատուած ԱՌԱՍՏԱՂ- (ա) «Օր մը, երբ ճանճի մը կը նայէի, մտածեցի թէ ի՞նչպէս է արդեօք ճանճի մը կեանքը։ Ձեր կեանքին մէջ հազար անգամ տեսած էք անշուշտ ճանճ մը, բայց երբեք փորձա՞ծ էք ճանճի մը մորթէն ներս մտնել։ Ի՞նչ կը զգայ ճանճ մը, ի՞նչպէս կը տեսնէ կեանքը, վերջապէս ի՞նչեր կը պատահին սա փոքրիկ անասունին փոքրիկ գլխուն մէջ։ Կը դիտէի ճանճին միօրինակ քալուածքը. երբ քալել կը սկսէր, ոտքերը այնքան արագ կը շարժէին որ չէին տեսնուեր։ Անասունը քանի մը սանթիմ կը յառաջանար ու յանկարծ կանգ կ՛առնէր։ Ի՞նչ կը սպասէր, ի՞նչու կանգ կ՛առնէր։ Առջեւի երկու թաթերը կը շփէր իրարու։ Յետոյ ուղղութիւնը կը փոխէր, դարձեալ կը քալէր քանի մը սանթիմ…։ Կանգ կ՛առնէր։ Կը քալէր, կանգ կ՛առնէր։ Քիչ անգամ նոյն գծին վրայ կը շարունակէր իր ճամբան։ Քանի անգամներ ջանացի ենթադրել թէ դէպի ո՞ր կողմը պիտի փոխէ իր ուղղութիւնը։ Միշտ սխալեցայ։ Աննախատեսելի էր։ Յետոյ միջատը յանկարծ թռիչք կ՛առնէր օդին մէջ, քանի մը հեղ կը շրջէր իր «օդակայանին» շուրջ եւ յետոյ դարձեալ կը թառէր հոն ուրկէ մեկնած էր, կամ քիչ մը աւելի հեռու։ Բայց կարծես յամառութիւն մը ունէր կէտէ մը չհեռանալու, կէտի մը շուրջ դառնալու։ Այսպէս երկար դիտեցի զայն, մինչեւ որ ճանճը յանկարծ վերջնականապէս հեռացաւ առաստաղէն եւ կորսուեցաւ դէպի հիւանդանոցին նրբանցքը» (էջ 12–13)։ (13) Հատտէճեան ճանճին առաստաղէն յանկարծական վերջնական հեռացումը կը կապէ հօր սիրելիներուն, երբ կը գրէ.- (բ) «Սուրճ պիտի գնէի։ Անցայ անուշահոտութեան բաժնէն, անցայ պայուսակներու ու ձեռնոցներու բաժնէն, անցայ կնոջական փէշերու բաժնէն, իջայ վարի յարկը, որ սիւփէր- Այս անգամ ալ այդպէս ըրի։ Գիշերը հիւր պիտի ունենայի ու գիտէի թէ այդ հիւրերն ալ, ինծի պէս, տակաւին չէին մոռցած սուրճի այն տեսակը, որուն վարժուած էինք մեր երկրին մէջ։ Բայց հիւրերս բացարձակապէս չէին կրնար ենթադրել, թէ ես ինչե՜ր կը զգայի, երբ այդ սուրճին ծրարը կը դնէի գնումներու սակառին մէջ եւ կը շարունակէի շրջիլ հանրախանութենէն ներս։ Այդ սուրճին մէջ ամբողջ իմ անցեալս կար, ամբողջ մանկութիւնս կար, այդ սուրճին մէջ հօրս յիշատակը կար, եւ դեռ շատ բան» (էջ 205)։ Այս երկու հատուածները Հատտէճեանի դիպուկ գրելաոճէն ճաշակ մը կու տան մեզի եւ վէպին առաստաղը կը բանան ճանճի ու սուրճի նման պարզ, աննշան միջատի մը թռչկոտումով եւ ըմպելիի մը համով- Եթէ ճանճին տեղ մարդ մը դնենք, պիտի տպաւորուինք Հատտէճեանի 25–30 տողերուն մէջ հայ մարդուն խառնաշփոթ, խուճապահար, ինքն իր վրայ շրջող եւ իր խարիսխ- Իսկ սուրճը մեզ Մոնթրէալ կը հասցնէ։ Հակառակ Մոնթրէալի սառնամանիքին, Սաթենիկին մեզի հրամցուցած սուրճը տաք է` Հին աշխարհի կարօտով։ Եթէ սուրճը եւս մարդով –հայ մարդով– փոխանակենք, դարերու դրացնութեան յենած թուրքն ու հայը պիտի կարենանք զատորոշել տասնեօթը տեսակ մարդերու խառնարանին մէջ, բայց պիտի չկարենանք մեր հոգիին խորէն յառնող փոթորիկները հանդարտեցնել։ Որքա՜ն ալ նոյն համը, նոյն բուրմունքը եւ նոյն գոյնը ունեցող թուրքն ու հայը իրարու խառնենք ու մէկ ծրարի վերածենք, մեր ամբողջ անցեալը եւ մեր հայրերուն ու մայրերուն քաղցր/դառն յիշատակը –եւ դեռ շա՜տ բան– պիտի ապրինք, պիտի վերյիշենք, պիտի աւաղենք։ Նոր աշխարհին մէջ թրքական ու հայկական երկակի ինքնութեամբ իրարու պիտի ագուցուի՞նք։ Դ.- Հայ հայրը/մեծ հայրը Պոլսոյ հիւանդանոցին մէջ կ՛երեւակայէ.- Ճանճը Մոնթրէալ կը ճախրէ, Մոնթրէալի մէջ կռունկ կ՛ըլլայ, արագիլ կ՛ըլլայ եւ կարօտի թեւածումներով, երգի ծուէններով մեզ մեր Երկիրը կը տանի.- «… կռունկ մեր աշխարհէն խապրիկ մը չ՛ունի՞ս, ձայնիկդ անուշ, աղուհացկեր մարդկանց կարօտ մնացինք, ելանք, գնացինք, ելար, գնացիր …» «… բարի արագիլ, բախտի արագիլ, իմ բալիկների աստղերն են շողում, վշտերս դառան ժպիտներ շողուն, արտեր այգիներ, մանուշակ երկինք …» «Ո՞ւր է Մուշը, ո՞ւր է Վանը, ո՞ւր է հայոց Արտահանը. ո՞ւր է հայոց դաշտն ու ձորը. խօսէ՛ք Հայաստանի լեռներ…» Մինչ, Մոնթրէալի իր բարոյապէս փլուզող տան աւերակներուն տակ կքած Սաթենիկ հայրը յիշելով` կը յարէ.- Նախավերջաբանի այս հանգրուանին, ԱՌԱՍՏԱՂ- Նախապէս նշուած վէպին երկու գլխաւոր մոթիֆներուն վրայ –(ա) մշակութային ցնցում (14) եւ (բ) հայ ընտանիքի ու ազգի քայքայում, եւ անոնց յանգման կէտին` ինքնութեան սահմանում, ուր հայերէն խօսիլն ու գրելը, հայ զգալը, հայ ըլլալը շօշափած էի– կը բարդուին (գ) Հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը եւ (դ) հայ/օտար –գանատահայ– նոր ընտանիքին կազմութիւնը` միշտ հեռաւոր հօր/մեծ հօր անմոռաց յիշատակին եւ մերձաւոր մօր աչալուրջ հսկողութեան հովանիին ներքեւ։ Կը զանցեմ այլապէս հետաքրքրական այլ դէմքեր եւ դէպքեր (Հայաստանէն եկած Կարինէն եւ գանատացիէ մը աւելի գանատացի եղած անոր հայ ամուսինը` Կարպիսը, Անին եւ մեր անուշապուրի բարակ թելով հայութեան կապուիլ փորձող անոր գանատացի ամուսինը` Փիթըրը, դդումի լիցք եփելը, թօփիկ պատրաստելը, ճաշելու համար սեղան նստիլը, (15) Մոնթրէալէն Պոլիս վերադարձող Պարոն Վարուժանն ու տիկինը` Աստղիկը եւ այլն), մեր ուշադրութիւնը սեւեռած պահելու համար վերեւ յիշուած չորս ներբեռնուած մոթիֆներուն վրայ, որոնց շուրջ կը բանի վէպը։ Կը սկսիմ Մոնթրէալի հայ եկեղեցիէն։ Հատտէճեան 253–282 էջերով մեզ եկեղեցւոյ օղակին մէջ կը պահէ։ Սաթենիկ, Պոլսոյ եկեղեցիներուն արարողութիւններուն կարօտով եւ Ռուբիկին դպիրի շապիկ հագած չըլլալու ափսոսանքով, կ՛որոշէ եկեղեցի երթալ Դեկտեմբերի սկիզբը, սաստիկ ցուրտին, գանատական Ս. Ծնունդի օրերուն, գանատահայկական քերմէսին օժանդակելու համար։ (16) Ան սիրով եկեղեցի կ՛երթայ` ականջալուր հայրիկին «Աղուոր աղջիկս, ամէն Կիրակի եկեղեցի գնա՛» փափաք- «- Միայն ինծի ըսաւ այս բանը։ Ո՛չ Յակոբին, ո՛չ ալ մանաւանդ Ռուբիկին։ Ինծի ըսաւ։ «Կ՛ուզեմ որ ամէն Կիրակի եկեղեցի երթաս»։ Երթաք չըսաւ։ (17)Երթա՛ս։ Եւ ես շատ վերջն էր որ հասկցայ թէ ինչու։ Որովհետեւ ան գիտէր թէ ամէն ինչ ինձմով կը սկսէր ու ինձմով կը վերջանար։ Ընտանիքին մայրը» –– Մայր եկեղեցի եւ մայր ընտանիքի…։ Սաթենիկ կը շարունակէ առանձինն եկեղեցի երթալ` իր հայրիկին տուած խոստումը յարգելու համար, եւ հաւատալով, որ «այս օտարութեան մէջ միայն եկեղեցին էր որ մեզ կրնար պահել մեր ընտանեկան բարքերուն մէջ»։ Կրցա՞ւ պահել…։ «Առաջին քանի մը տարիներուն Ռուբիկ սիրով ընկերացաւ ինծի։ … Իր տարիքի երիտասարդները եկեղեցի չէին երթար։ Իր տարիքի երիտասարդները եկեղեցին նեղացուցիչ կը գտնէին»։ Նոր աշխարհի մէջ, երկու աշխարհներու մէջ ապրող հայեր եկեղեցին որպէս ներքին- Եկեղեցւոյ սրահին մէջ ինչո՞ւ եկեղեցիէն շատ աւելի մարդ կար։ «Ասոնք սրահ մտած էին առանց եկեղեցի հանդիպելու։ Անոնք եկեղեցիին համար չէր որ կուգային, ընդունելութեան մասնակցելու, իրենց բարեկամները տեսնելու համար էր որ կուգային։ Պատարագի աւարտին սրահը քանի մը վայրկեանի մէջ լեցուեցաւ»։ Այսօր ընդունելութեան մասնակցելու եւ իրենց բարեկամները տեսնելու համար եկողներուն թիւն անգամ նուազած է. մարդիկ իրարու կ՛այցելեն, զիրար կը տեսնեն, կը հիւրասիրեն եւ կը հիւրասիրուին Դիմատետրով, որուն վրայ այս օրերուն ամեն տեղ նաեւ գումարուած են քորոնաժահրի բարդութիւնները…։ Եկեղեցական արարողութեան յաջորդող ընկերային մթնոլորտն ու ընդունելութիւնը այլեւս աւանդական դարձած են եկեղեցւոյ սրահին մէջ, եւ նոյնիսկ օգտակար են։ Ասոր եւս կցած ենք «ազգապահպանում» պիտակը, երբ մանաւանդ դասական հայ թաղի/ծուխի/համայնքի փակ եւ սերտ կեանքը` տեղ- Սաթենիկ յաճախ կը քաջալերէր զաւակը իր հետ եկեղեցի երթալու։ Ան կը զարմանար, որ Ռուբէն կոպտօրէն կը մերժէր զինք։ «Ի՞նչ պատահած էր Ռուբիկին։ Ասիկա անոր սովորական խօսելակերպը չէր։ Ան երբեք այսքան կարճ ու կտրուկ, կամ չոր շեշտով չէր խօսեր ինծի հետ։ Նայեցայ աչքերուն մէջ, բայց ան աչքերը փախցուց իմ աչքերէս։ Սրտիս մէջ բան մը բռնկեցաւ»։ Սաթենիկ տեղի չի՛ տար. ողոքիչ հաստատումներ կը կատարէ` ընտանիք եւ ազգ իրար խառնելով.- ՇԱՐ. 2 - 13- 14- 15- 16- 17- Եկեղեցի երթալը ամեն բանէ առաջ կարգապահութեամբ կ՛ըլլայ։ Կրնա՞ք երեւակայել, որ եթէ բոլոր հայերը կիրակի օրեր ժամը 11–12 իրենց ապրած քաղաքին եկեղեցիներուն մէջ իրարու աղօթակից դառնան` ինչպիսի՜ քրիստոնէական հաւատք եւ հայկականութիւն կը ծաղկի։ Պէտք է մտածել, թէ ինչպէ՞ս կարելի է այս մէկը կատարել։ 18- |