UXUİIUP- &Gzkşğjnpr ıhudnğndkrdzzşğ/ Üğşj% ZUĞŞM UĞ?$ ULŞTSTÖŞUZ ՇԱՐ. 3 |
Xnhtğ Auııtoşuzrz% İ$ Sşiğnh Subınjr 95- aşxudnğ- - Մեծ հայրիկը հոս եւս փոխանակ Հին աշխարհն ու Նոր աշխարհը կամրջելու, փոխանակ հայ ընտանիքը Մոնթրէալէն Պոլիս իրարու կապելու, փոխանակ ազգին մասնիկները ձուլումէն փրկելու` սուր դանակին պէս ամեն բան իրարմէ կը խզէ, երբ Ռուբիկ կը վճռէ.- Հայրիկը/մեծ հայրիկը մեռաւ, սակայն յոյսը չմեռաւ։ Ռուբիկ կ՛աւետէ մօրը.- Ռուբէն եւս մօրը տուած խոստումը կը յարգէ եւ կիրակի մըն ալ Սաթենիկին հետ եկեղեցի կ՛երթայ, ուր խանդավառ դիմաւորութեան կ՛արժանանայ եկեղեցւոյ կանանց միութեան dynamo- Հայ եկեղեցին մագնիսի նման իրեն կը քաշէ անգիտակից, ենթագիտակից եւ գիտակից հայերը։ Հայ ժողովուրդի զաւակներ կատարելութիւն կը պահանջեն Հայ եկեղեցիէն։ Հայ եկեղեցւոյ վերարթնութիւնը, վերանորոգութիւնը, այժմէականացումը համահայկական օրակարգին վրայ է միշտ։ Շատ փորձեր եղած են եւ կը շարունակուին ըլլալ մեր ուզած Հայ եկեղեցին կերտելու համար, սակայն ցարդ չենք յաջողած մեր նախաձեռնութիւններուն մէջ։ Ի հեճուկս ամեն բացթողումներուն` հայը կը սիրէ իր հին եկեղեցին, որովհետեւ հին/նոր աշխարհին, հին/նոր ընտանիքին, հին/նոր հայուն անցեալի, ներկայի եւ ապագայի հանգոյցը կը տեսնէ այս սրբազան հաստատութեան մէջ` որպէս իր գոյութեան տոկուն երաշխիքը։ Ֆիզիքապէս եկեղեցիէն դուրս կ՛ելլենք, բայց անոր տեղն ու դերը դրոշմուած կը մնան մեր մտքերուն եւ սրտերուն մէջ։ Ու վէպը կը քալէ, պատմութիւնը կը շարունակուի` հայ եւ օտար մարդկային յարաբերութիւններու ցանցով, որ 282–400 էջերուն վրայ կը տարածուի` Սաթենիկին «Այդ գիշեր լրջօրէն մտածեցի Ռուբիկին ապագային մասին» անձկութեամբ եւ կը պսակուի հայրիկին/մեծ հայրիկին «Մենք դատապարտուած ենք ապրելու» վճիռով…։ Ասկէ անդին կարիք չեմ զգար էջերը թուագրելու։ Մոնթրէալի խստաշունչ ձմեռը կը սառեցնէ նաեւ հայու տաք հոգիները, սէրերը, երջանկութիւնը –– «Օ՜, ես ինչ գործ ունէի այս երկրին մէջ»։ Կարծէք բոլոր Սաթենիկները միասին կ՛արտասանեն այս ափսոսանքը։ Նիւ Ճըրզիի հովւութեանս տարիներուն, քանի- «Հիմա տասը տարի անցած է այն օրէն ասդին երբ բեկուած սրտով, սպանդանոց տարուած անասունի մը համակերպութեամբ ես եկայ այս ցուրտ քաղաքը եւ բացի նոր տունս»։ Բացուած նոր տունը ներս մտնելու բաց հրաւէր կը դառնայ նաեւ օտարին համար, որուն ի տես պէտք է ակռաները սեղմել, համբերել, յարմարիլ, համակերպիլ։ Կեդրոնական առանցքը Ռուբէնն է, Ռուբէնին նոր կեանքը, ապագան, կազմելիք նոր ընտանիքը, նոր կինը, նոր մայրը –– նոր հայուհի՞ն։ Սաթենիկ յաճախ մտքով եւ սրտով եկեղեցւոյ –աւելին` եկեղեցւոյ սրահին– երդիկին տակ կը մնայ։ «Ռուբիկին շուրջ դարձող այդ սիրուն աղջիկներուն մէջ մէկ հատ իսկ հայուհի չկար»։ Մօր համար կենսական է այս պարագան. իսկ Ռուբիկ նախ աղջիկը/կինը կը փնտռէր, ապա` կեանքի ընկերը, ապագայ զաւակներուն մայրը։ «Նանէթը արդէն անոր երրորդ «կըրլ- Մոնթրէալ գաղթած Սաթենիկին, Յակոբին եւ Ռուբէնին հայ ընտանիքին քակտումը կը սկսի, երբ հօր/մեծ հօր մահով «գաւառի վերջին լապտեր»էն առկայծող փարոսին լոյսը այլեւս չի՛ կրնար հայ նաւը ապահով նաւահանգիստ առաջնորդել։ (20) Յակոբ իր եղբօր` Սուրէնին կնոջ` Սոնային հետ կը կենակցի։ Ռուբէն իր օտար ընկերուհիին` Ճէսիքային հետ կ՛ամուսնանայ։ Հայ մայրը, արի մարտնչումով կը յաջողի փրկել իր հայ ընտանիքը։ Սաթենիկին զաւկին` Ռուբէնին եւ օտար հարսին միացումէն կը ծնի նոր, գանատահայ ընտանիքը` Ռուբիկին «Մամ, մի՛ վախնար, ես սխալ բան չեմ ըներ» թերահաւատ խօսքերով։ (21) Վէպը այսպէս կ՛աւարտի։ Բայց անպայման պէտք է տեսնենք, թէ ինչպիսի՜ յոյզեր փրփրեցնելով Հատտէճեան կը կնքէ մերօրեայ այս տռամը։ Ուրեմն շարունակենք ընթացքը։ Հայ կինը/մայրը կը հարցադրէ եւ կ՛ափսոսայ Սաթենիկին բերնով.- Սաթենիկ փրկութեան լաստին կը կառչի` Յակոբին հետ սրտբացօրէն խօսակցելով.- «- - - - Ես Յակոբը կորսնցնել չէի ուզեր։ Տուն վերադարձիր, մի՛ քանդեր մեր բոյնը»։ Գանատացիի հոտ կու գայ Յակոբին վրայէն եւս։ Բայց հայ կինը տեղի չի՛ տար եւ զանազան հնարքներու կը դիմէ մոլորած ամուսինը իր տունը վերադարձնելու համար։ Սաթենիկին ընկերուհիները կը զարմանան անոր որդեգրած ռազմավարութեան վրայ –– «Ամուսինդ կը խաբէ քեզ եւ դուն չես ուզեր տունդ քանդել, չես ուզեր զինքը վռնտել քովէդ», կ՛ըսեն անոնք։ (22) Սաթենիկ չի՛ պոռար, չի՛ կռուիր, Յակոբը տունէն չի՛ վտարեր, ամուսնալուծման չի՛ դիմեր։ «Երկար ամիսներ Յակոբ մնաց մեր երկուքին միջեւ։ Ես չվհատեցայ, արժանապատուութեան խնդիր չըրի»։ Սաթենիկ կը համբերէ, կը դիմանայ, անուշ լեզուով օձը ծակէն դուրս կը հանէ, կը համոզէ եւ կը յաղթէ –– «Եւ ութ ամիս վերջ արդէն լաւ լուրեր ունէի հայրիկիս տալիք։ … Բարի եկար տունդ, ըսի արտասուելով։ Բարի եկար։ Գիտէի որ պիտի գայիր»։ Սաթենիկին, Յակոբին եւ Ռուբէնին տունը դժոխքէ դրախտի կը վերածուի։ Սաթենիկ կը վերահիմնէ իր ընտանիքը, բայց զաւկին նորակազմ ընտանիքին հայեցի դրոշմը չի՛ կրնար յաջողցնել, հակառակ իր ընկերուհիին` Մարկոյին լաւատեսութեան.- Սաթենիկ հայապահպանման սիւներէն երկուքին կը պլլուի –– հայրը եւ հայ լեզուն- «Ես վստահօրէն կրնամ պնդել թէ ան իր առաստաղին վրայ կը պատկերացնէր Ռուբիկին ապագայ կինը, իրեն ծանօթ բոլոր հայ աղուոր աղջիկներէն աւելի աղուոր հայ աղջիկ մը»։ «Գացի գզրոցէն վերցուցի Թումանեանի գիրքը»։ Այս գիրքին մէջ կար «Փարվանա»- Ռուբիկ կը գտնէ իր աղուոր աղջիկը, որ օտարն է` Ճէսիքան։ Հայ մօր ուսերուն կը ծանրանայ հայ նոր ընտանիքը ճիշդ ճամբուն վրայ դնելը։ «Հոս, այս պաղ երկրին մէջ Ռուբիկին սէ՞րն ալ քիչ մը պաղած էր արդեօք, կամ` բանով մը փոխուա՞ծ էր արդեօք», իրաւամբ կը մտածէ Սաթենիկ։ Ան չէր կրնար, չէր համարձակեր Ճեսիքային մասին խօսիլ Ռուբիկին հետ։ Նոյնիսկ եթէ խօսէր, բան մը պիտի կարենա՞ր փոխել. լռելով թէ խօսելով զաւակը կորսնցնելու վախը կը կրծէր զինք։ «Ամէն անգամ որ կը մտածէի թէ ժամանակը եկած էր խօսելու, կը տեսնէի որ Ռուբիկ բոլորովին տարբեր աշխարհի մը մէջ կ՛ապրէր»։ Ո՛չ, Ռուբիկ Գանատայի մէջ էր, Սաթենիկ ուրիշ աշխարհի մը մէջ կ՛ապրէր։ «Ռուբիկէն կը վախնայի այնպէս, ինչպէս մէկը կը վախնայ օտար մարդէ մը։ … Մինչեւ իրիկուն ո՜վ գիտէ քանի անգամ կրկնեցի։ Ես քեզի հետ պիտի խօսիմ։ Ես քեզի հետ պիտի խօսիմ։ Ես քեզի հետ պիտի խօսիմ»։ Մայրական քնքուշ խօսքին քաղցրութիւնը, գրաւչութիւնը անկարելիութիւն դարձած է, որովհետեւ օտարը, օտարութեան պատուարը մնջած է հայ մայրը։ Եւ կը գծուի ներկայ հայ ընտանիքին սրբութեան կառչելու ու ապագայ գանատահայ ընտանիքին դիմագծին գունաթափման հետ հաշտուելու անխուսափելի զուգահեռը։ «Նոյնը ըրած էի այն փոթորկալից օրերուն, երբ յանկարծ ահաւոր զարմանքով ու սարսափով իմացած էի որ Յակոբ կը խաբէր զիս ուրիշ կնոջ մը հետ։ Եւ այդ կինը օտար Ճէսիքա մըն ալ չէր։ Մեզմէ մէկն էր։ Սուրէնին կինն էր։ Սոնան։ Այդ անբարոյ կինը։ Այդ օձը։ Ես այն ատեն ալ իմ գաղտնիքս թաղեցի սրտիս մէջ, զայն ո՛չ մէկու հետ բաժնեցի եւ Աստուծոյ առջեւ երդում ըրի որ այդ հարցը պիտի լուծէի միմիայն իմ սեփական ուժերովս ու կամքովս։ Երդում ըրի որ Յակոբը ետ պիտի բերէի սատանային ճիրաններէն եւ պիտի փրկէի ամուսնական կեանքս»։ (23)Սոնան Ճէսիքայէն աւելի վարկաբեկուած է, որովհետեւ ինչ որ արտօնուած է օտարին, արգիլուած է հայուն` երբ մանաւանդ ընտանեկան, ազգային բարոյականն է խնդրոյ առարկան։ «Երեք օր վերջ եկան մեզի այցելութեան։ Ճէսիքան, հայրը` Պարոն Գարլ Շմիտ, մայրը` Աննա։ Կ՛երեւի թէ գերմանական ծագում ունէին։ Եկան շատ գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը իրենց ձեռքին մէջ։ … Վախնամ այս մարդիկը մեզի խնամի պիտի ըլլան, մտածեցի այդ վայրկեանին ակամայ»։ Սաթենիկին վախը իրական էր այլեւս. օտարը տան սեմէն ներս մտած էր. Գանատա/գերմանա/հայկական նոր ընտանիքին կազմաւորման նախաքայլը առնուած էր արդէն` ծաղկայարդ գնացքով։ Ճէսիքա «Բարեւ», «Ի՞նչպէս էք այսօր», «Օդը այսօր շատ պաղ է» կը ճռուողէր, (24) մինչ Սաթենիկ մտքով Պոլիս կը փոխադրուէր` յիշելով հօրը Ռուբէնին «Փարվանա»- Սաթենիկ կը հնչեցնէր հարցումներուն հարցումը.- Արդարօրէն մտահոգ է Սաթենիկ.- Սաթենիկին կը մնար բախտին հնազանդիլ։ «Չէի՞ կրնար Ռուբիկը ետ կեցնել օտարի մը հետ այս ամուսնութենէն։ … Չփորձեցի։ Գիտէի որ պիտի չյաջողէի։ Գիտէի որ Ռուբիկ լաւ մտածած էր ամէն բանի մասին»։ ՇԱՐ. 3 - 19- 20- 21- 22- 23- 24- 25- |