UXUİIUP- &Gzkşğjnpr ıhudnğndkrdzzşğ/ Üğşj% ZUĞŞM UĞ?$ ULŞTSTÖŞUZ ՇԱՐ. 4 |
Xnhtğ Auııtoşuzrz% İ$ Sşiğnh Subınjr 95- aşxudnğ- - Հոս նաեւ կը փափաքիմ աւելցնել, թէ վէպին երկու հատորներով, պոլսահայ եւ հայ/գանատահայ ընտանիքի շրջագծին մէջ, Հատտէճեան սէրի եւ սեռի իրապաշտ պահերու կը սեւեռէ մեր ուշադրութիւնը, որ հոգե- Դուրսէն ներս վերադառնալու խտացեալ տողեր մեզ դէմ յանդիման կը դնեն «արդեօք Պոլիս պէ՞տք էր մնայինք» մեծ հարցադրումին։ Սաթենիկին ձայնը կը լսենք.- Այս խռովիչ մտորումներուն լոյսին տակ կը հաստատենք, թէ յոռի բարքեր –առ այժմ նուազ, սակայն արդէն իսկ աճող չափերով– նաեւ ներթափանցած են մեր պահպանողական եւ աւանդապահ Հին աշխարհը եւս։ Գանատան չմեղադրենք։ Առաւել, Սաթենիկին հետ պարտադրաբար պիտի ընդունինք, թէ Գանատան է այլեւս «մեր երկիրը». կեանքին անիւը չենք կրնար ետաշրջել, բայց կրնանք միշտ հարցադրել, թէ Գանատայի կեանքին Պոլսոյ կեանքէն ունեցած տարբերութիւնը չարի՞ք է թէ բարիք։ Հոս եւս հայրը դուրսէն ներս կը մտնէ, երբ Սաթենիկ կը խոստովանի.- Կեանքէն մահ եւ մահէն կեանք ետառաջութեան թեքնիքով Հատտէճեան Մոնթրէալի օտար գերեզմանատունը կը շաղկապէ վէպին աւարտական փուլերուն։ Սաթենիկ գերեզմանատուն կ՛երթայ։ Սաթենիկ մեռեալ հօրը յիշատակին հրուշակ կ՛եփէ` Պոլսոյ աւանդութիւնը Մոնթրէալի մէջ վառ պահելու եւ հայրը միշտ կենդանի տեսնելու հեռանկարով։ « … կարծես հոն կը փնտռէի հայրիկիս դամբարանը։ … Հայերէն Հայր Մեր մը, որ անտարակոյս առաջին անգամ կը հնչէր այս գերեզմանատան մէջ»։ Հօր դամբարանը Պոլիս մնացած էր, սակայն հայ մեռելն ու հայերէն «Հայր մեր»- «Կարծես եկած էի ո՛չ թէ հօրս ձեռքերը շոյելու, ո՛չ թէ անոր յոգնած ու ծանրացած մարմինը հանգչեցնելու, այլ փունջ մը ծաղիկ դնելու իր դամբարանին վրայ եւ իրեն համար հոգեհանգիստ կարդալու»։ «Հայր մեր»- «Ըսի որ Ալէքսանտրօ Կարնիէրիի դամբարանը այսուհետեւ ինծի համար նոյնացած էր հայրիկիս դամբարանին հետ»։ Հայրը յետ մահու անուն եւ մականուն կ՛ունենայ, բայց զուտ գանատացիի անուն եւ մականուն չէ –օրինակ` Ժանկի Լեվէք–, այլ` «Ալէքսանտրօ Կարնիէրի։ Չեմ գիտեր։ Գաղթական մը հաւանաբար»։ Ահեղ դատաստանին օրը Աստուած հաստափոր գիրք մը պիտի բանայ ու մեր անունը եւ մականունը կարդայ. այն ատեն մեր բարի կամ չար ինքնութիւնը վճռական եւ անդարձ դեր պիտի խաղայ. ուրեմն, ի վերջոյ անուն եւ մականուն ունենալը պարտադիր է, ու ահաւասիկ գաղթական հայը կ՛ունենայ գաղթական Ալէքսանտրօ Կարնիէրիի անուն եւ մականունը…։ «Ամբողջ շաբաթ մը շատ լաւ տրամադրուած էի։ Ուրիշներու բան չէի ուզեր ըսել, բայց իմ մէջ կերպարանափոխութիւն մը պատահած էր։ Շատեր պիտի խնդային վրաս, բայց ինծի այնպէս կը թուէր որ ես հայրիկիս աճիւնները հոս փոխադրած էի եւ հայրիկս այլեւս հեռուները այնքան լքուած ու առանձին չէր, որքան եղած էր մինչեւ այսօր։ … Քանի մը մեխակ առած էի հետս։ Զանոնք թողուցի ձիւնով ծածկուած դամբարանին վրայ եւ «Հայր Մեր» մը արտասանեցի»։ Դարձեալ կը ձիւնէ հայ հոգիներուն մէջ. հայ «Հայր մեր»- Մահէն կեանքի բիրտ իրականութեան կը վերադառնանք` դարձեալ հայրիկին միջնորդութեամբ։ «[Հայրիկը] գիտէր որ իր անուշիկ աղջիկը չէր ուզած թիավարել հոսանքին դէմ։ Թերեւս ան ալ [հայրիկը] կ՛ընդունէր որ Ռուբիկ երջանիկ ամուսնութիւն մը պիտի կնքէր եւ այնուհետեւ պիտի ապրէր կնոջ մը հետ, զոր կը սիրէր անկեղծօրէն»։ Երջանիկ ամուսնութիւն մը կնքելը կապ չունի հայութեան հետ. եթէ հարսը հայ ըլլայ` աւելի լաւ անշուշտ, բայց նախապայման չէ։ «Այդ վայրկեանին է որ յիշեցի մայրս։ Յիշեցի մայրս եւ սրտիս մէջ դող մը զգացի։ Որքա՜ն երկար ժամանակէ ի վեր մէկ անգամ իսկ չէի մտածած մօրս մասին»։ Հոս եւս հայ ընտանիքը կ՛ամբողջանայ –– հայր, մայր եւ աղջիկ. հայրը ապրած էր իր սիրած միակ կնոջը` Վերժինին հետ։ Սաթենիկ կը մաղթէ, որ Ռուբիկ ալ նոյն բախտը ունենայ։ Օտար աղջիկը` Ճէսիքան Սաթենիկին մայրը կը յուշէ, որովհետեւ օտար աղջիկն ալ մայր պիտի ըլլայ հայ նոր ընտանիքի զաւկին։ Հայ ընտանիքին պահպանումը –հայապահպանումը– հայ մօրմով կ՛իրականանայ. Սաթենիկ արդարօրէն իր հայ մայրն ու հայրը կը փորձէ որպէս ամպհովանի բանալ Ռուբիկին կազմելիք նոր ընտանիքին վրայ, որ կոտորակեալ համեմատութեամբ հայ պիտի ըլլայ դժբախտաբար։ «Ռուբիկ նոյն ամսուան մէջ երկու վկայական ստացաւ։ Մէկը համալսարանի վկայականն էր։ Միւսը ամուսնական վկայական»։ Մէկ վկայականով Ռուբիկ կը հեռանայ համալսարանէն, կ՛աւարտէ համալսարանը եւ կը մտնէ կեանքի թոհուբոհին մէջ։ Միւս վկայականով ան կը հեռանա՞յ հայ ընտանիքէն, հայութենէն. կեանքը ցոյց պիտի տայ, որուն վկայարանը պիտի ըլլայ Հատտէճեանի վէպին երրորդ հատորը…։ Ռուբէնին եւ Ճէսիքային պսակադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ մեր եկեղեցիին մէջ. Հայ եկեղեցին դարձեալ կը յայտնուի պատկերին մէջ։ Բայց Սաթենիկին հոգիին մէջ պիտի չլռեր տխուր արձագանգը.- Կ՛աւարտեմ առաստաղին վերադառնալով։ «Առաստա՜ղ։ Հայրս իր վերջին տարիները անցուց միայն առաստաղ մը դիտելով։ … Վստահ էի որ հայրս իր այդ նայուածքներով կը ծակէր առաստաղը եւ կ՛անցնէր դէպի միւս կողմը։ … Մենք մեր կեանքին միասնութեան այդ վերջին տարիները անցուցինք այդպէս իրարմէ առաստաղով մը բաժնուած»։ Բաժնուած առաստաղը այնպիսի՜ զօդ մը եղաւ, որ քանի- Ուրեմն` ինչպիսի՞ կեանք վարել, ինչպէ՞ս ապրիլ, ի՞նչ կը նշանակէ մարդ ըլլալ, ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ։ Ո՛չ թէ ի՞նչ պէտք է ընենք, այլ արդէն իսկ ի՛նչ կ՛ընենք մեր կեանքին մէջ, երբ կը նայինք յօշոտող աշխարհի հայելիին եւ ամօթէն կարմրելու պատճառ չենք ունենար։ Այս կը նշանակէ ամբողջական մա՛րդ ըլլալ։ (27) Բոլոր հոս ըսուածները կը յանգին մէկ հարցումի.- Կեանքը առաձգական ձգախէժէ պարան է. անոր մէկ ծայրը մեր ձեռքին մէջ կը պահենք եւ երբեմն կը քաշենք ու երբեմն կը թուլցնենք. շատ կարեւոր է այնքա՜ն զգուշ ըլլալ, որ պարանը չփրթի…։ Սաթենիկ հօրը կ՛աւետէ.- Ի՞նչ դրին արդեօք հայրիկին թոռնիկին անունը. Արմէ՞ն` հա՞յ, ո՛չ` ՄԱՐԴ. ով որ կ՛ուզէ թող աւելցնէ ՀԱ՛Յ ՄԱՐԴ. բայց մարդը մա՛րդ է ի վերջոյ, որովհետեւ անորոշ գալիքին դիմաց ապրելու վախին փաթթուած` «ՄԵՆՔ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ ԵՆՔ ԱՊՐԵԼՈՒ». մենք` բոլոր Ռուբէններս, բոլոր Ճէսիքաներս, բոլոր մարդիկս` մեր զաւակներով միասին պիտի ապրինք մեր այս միա՛կ մոլորակին վրայ, Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութեան անձրեւի կաթիլներով թրջուած` «Կ՛անձրեւէ, տղա՛ս… Աշունը թաց է, Թաց աչքերուն պէս խեղճ խաբուած սիրոյն…։ … Կ՛անձրեւէ՞ երբեմն հոգիիդ մէջ ալ, … Լա՛ց անմեղութեան արցունքը անդարձ, Օր մը, երիտասարդ մը իմաստասէր Սոկրատին կը հարցնէ, թէ ի՞նչ է յաջողութեան գաղտնիքը։ Սոկրատ կը հրաւիրէ երիտասարդը յաջորդ առաւօտ գետին քով իրեն հանդիպելու։ Անոնք կը հանդիպին, եւ Սոկրատ երիտասարդը իր հետ ջուրը կը մտցնէ։ Երբ ջուրը իրենց վիզը կը հասնի, Սոկրատ երիտասարդը ջուրին մէջ կը մխրճէ։ Երիտասարդը ամեն ջանք ի գործ կը դնէ գլուխը ջուրէն դուրս հանելու, սակայն Սոկրատ զայն ջուրին մէջ կը պահէ մինչեւ որ ան կը կապտի։ Երբ Սոկրատ երիտասարդին գլուխը ջուրէն դուրս կը հանէ, ան անմիջապէս խորունկ շունչ կը քաշէ։ Սոկրատ կը հարցնէ.- Պիտի լանք, պիտի խնդանք եւ պիտի շնչենք` խնդրելով, որ մեր հայրիկն ու մայրիկը ներող ըլլան մեր բացթողումներուն եւ ուրախակից մեր յաջողութիւններուն, միշտ կրկնելով` «Հայրիկ, խօսք տուր, սիրտդ պիտի չնեղես։ Խօսք տուր, ի՞նչ կ՛ըլլայ…»։ Եւ պիտի սպասենք մեր գրականութեան ու լրագրութեան Հատտէճեան հայրիկին ԱՌԱՍՏԱՂԸ ՓԼԱՒ գիրքին, որպէսզի մարդօրէն ապրելու յոյսը չփլի…։ ՇԱՐ. 4 եւ ՎԵՐՋ Աւագ ուրբաթ, 2 Ապրիլ 2021 - 26- «Քառասուն, յիսուն տարուան կեանքի մը ընթացքին ինչո՞ւ գոհանալ մէկ, կամ երկու, երեք կիներով»։ «Յակոբին սեռային ախորժակը բարձր էր։ Ես ալ նոյն հակումը ունէի»։ «Թերեւս մինչեւ իսկ անկողին կը մտնէր անոր հետ։ Ճէսիքա։ Գանատացի փրօֆէօսէրի մը աղջիկը։ Կարծեմ ինք ալ համալսարանի մէջ պաշտօն ստանձնած։ Բաւական գեղեցիկ։ Բարեձեւ։ Խարտեաշ։ Ցանկայարոյց։ Եւ հարուստ»։ Այս բոլոր բարեմասնութիւնները չեն բաւեր. պէտք էր նաեւ հա՛յ ըլլար…։ «Այս երիտասարդները իրական սէր մը կը զգայի՞ն իրենց ընկերուհիներուն նկատմամբ»։ «Ահաւասիկ հետաքրքրական կին մը։ Ահաւասիկ շնորհալի կին մը։ Կ՛արժէ այս կնոջ հետ պառկիլ»։ «Համալսարանի աղջիկներն անգամ ազատ ու սեռային կեանք կ՛ապրին»։ Պահպանողական ընկերութենէ ազատ աշխարհ կը փոխադրուինք։ Նոր աշխարհը ազատութիւններու, արտօնեալ եւ օրէնքով պաշտպանուած անկարգութիւններու աշխարհն է։ 27- |